«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան եօթը մրցումներ:
Արեւելեան շրջանի պարագլուխի դիրքը գրաւող Աթլանթա Հոքս, որ 104-96 արդիւնքով յաղթեց Հիուսթըն Ռոքեթցի, հանդիսացաւ առաջին խումբը, որ ապահովեց փլէյ-օֆի մրցումներուն իր տոմսը:
Նշենք, որ այս յաղթանակը Հոքսի համար եղաւ այս տարեշրջանի 48-րդը:
Նշենք, որ երէկուան մրցումներուն ամէնէն շատ կէտը` 27 կէտ նշանակեց Լեպրըն Ճէյմս երբ անոր կազմը` Քլիվլենտ Քաւալիրզ, 110-79 արդիւնքով յաղթեց Պոսթըն Սելթիքսին:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Շարլոթ Հոռնեթց – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ | 104-103 |
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Պոսթըն Սելթիքս | 110-79 |
Սաքրամենթօ Քինկզ – Նիւ Եորք Նիքս | 124-86 |
Աթլանթա Հոքս – Հիուսթըն Ռոքեթց | 104-96 |
Շիքակօ Պուլզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ | 97-92 |
Եութա Ճեզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ | 93-82 |
Տենվըր Նակեթց – Միլուոքի Պաքս | 106-95 |
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Ինտիանա Փէյսըրզ – Նիւ Եորք Նիքս
Օրլանտօ Մեճիք – Ֆէոնիքս Սանզ
Պոսթըն Սելթիքս – Եութա Ճեզ
Պրուքլին Նեթց – Շարլոթ Հոռնեթց
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Քլիվլենտ Քաւալիրզ
Հիուսթըն Ռոքեթց – Մեմֆիս Կրիզլիզ
Մինեսոթա Վուլվզ – Տենվըր Նակեթց
Նիւ Օրլինզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ
Օքլահոմա Սիթի – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ
Մայեմի Հիթ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Սաքրամենթօ Քինկզ
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Միլուոքի Պաքս
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ