Ֆութպոլի անցեալի պրազիլցի աստղ Փելէ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ ժամանակը եկած է, որ Աւստրալիա հիւրընկալէ աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը:
Ան նշեց, որ Աւստրալիա միակ ցամաքամասն է, որ չէ հիւրընկալած աշխարհի ախոյեանութիւնը, բայց պատրաստ է ատոր:
«Անկասկած, Աւստրալիա կրնայ հիւրընկալել Մոնտիալը: Տարիներ առաջ, երբ հոն էի, մարդիկ կը խօսէին այս ուղղութեամբ: Այժմ համապատասխան ժամանակն է: Աւստրալիոյ մէջ կան հիանալի ֆութպոլիստներ, որոնցմէ շատերը ելոյթ կ՛ունենան արտասահմանեան ակումբներուն հետ: Կը կարծեմ, որ կասկած չկայ, որ մէկ անգամ եւս Աւստրալիա պիտի հիւրընկալէ Մոնտիալի մրցաշարքը», ըսած է Փելէ: