Իր լուրը քաղելով իրանեան մամուլէն` Totalfootball.am հաղորդեց, որ Իրանի ֆութպոլի ուսանողական հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Ֆարշատ Քարամի հրապարակեց իր ընդլայնուած կազմը, որուն մաս կը կազմեն 52 ֆութպոլիստներ:
Այդ հրաւիրուածներուն կարգին է Արարատ Երեւանի յետսապահ Մոնթէ Աբրամեան: