Եուվենթուսի մարզիչ Ճիուզեփփէ Մարոթթա իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ ակումբը մտադիր է յառաջապահ Քարլոս Թեւեսի եւ բերդապահ Ճիանլուիճի Պիւֆոնի պայմանագրութիւնները երկարաձգել, անշուշտ եթէ մարզիկները համաձայն գտնուին ատոր:
«Անոնք Եուվենթուսի անբաժանելի մասը կը հանդիսանան: Անոնք գերազանց ֆութպոլիստներ են եւ իսկական արհեստավարժներ: Որոշումը իրենք է, որ պէտք է տան: Մեր կողմէ կրնամ ըսել հետեւեալը. ստորագրուած թուղթերը իրենց կը սպասեն», Մարոթթայի խօսքերը կը մէջբերեն իտալական լրատուամիջոցները: