Թուրքիոյ մէջ Սպարտակ Մոսկուայի ուսումնամարզական հաւաքը աւարտեցաւ ռուսական խումբին արձանագրած վերջին յաղթանակով, երբ անիկա 3-1 արդիւնքով յաղթեց դանիական Աքատեմիսքիին:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան դարձաւ տուպլի հեղինակ` իր կոլերը նշանակելով 14-րդ եւ 36-րդ վայրկեաններուն:
ArmSport.am կայքը լուրը կ՛եզրափակէ նշելով, որ Մովսիսեան, որ Ա. կիսախաղէն ետք փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը, առաջին անգամ ըլլալով աչքի կ՛իյնայ ընթացիկ ուսումնամարզական հաւաքի մը ընթացքին: