
23 տարեկան հայ միջնապահ Ալեն Ստեփանեան տեղափոխուեցաւ Ճիպրալթարի ախոյեանութեան մրցումներուն մասնակցող Պրիթանիա ակումբ, կը յայտնէ Totalfootball.am կայքը:
Ալեն Ստեփանեան Էսթոնիոյ քաղաքացի է եւ հոն հանդէս եկած է տարիքային տարբեր հաւաքականներուն հետ:
Հակառակ երիտասարդ տարիքին, Ստեփանեան կրցած է հանդէս գալ էսթոնական, լաթվիական եւ ֆինլանտական 10 տարբեր ակումբներու հետ:
Նշենք, որ Պրիթանիա կը գրաւէ Ճիպրալթարի ախոյեանութեան 8-րդ եւ վերջին դիրքը: