7 մարտին «Քալչիօ»-ի 26-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Ա. Սէ. Միլան «Սան Սիրօ» մարզադաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Վերոնան:
«Լա Կազեթա Տելլօ Սփոր» իտալական մարզաթերթը կը հաղորդէ, որ այս մրցումը պիտի ըլլայ ճակատագրական Ա. Սէ. Միլանի մարզիչին` Ֆիլիփօ Ինցակիի համար` նկատի ունենալով, որ եթէ անոր կազմը յաղթանակ չկարենայ արձանագրել, ան պիտի կորսնցնէ իր պաշտօնը:
Աղբիւրին տեղեկութիւններուն համաձայն, Ինցակիի պաշտօնէն հեռանալէն ետք անոր պաշտօնը պիտի ստանձնէ անոր օգնականը` Մաուրօ Թասոթթին:
Նշենք, որ ներկայիս Ա. Սէ. Միլան կը գրաւէ դասաւորման 10-րդ դիրքը: