Football-Italia.net կայքին համաձայն, Օլիմփիք Մարսէյի գլխաւոր մարզիչ Մարչելօ Պիելսա շատ հաւանաբար նշանակուի Ինթեր Միլանի մարզիչ` փոխարինելով Ռոպերթօ Մանչինին:
Սակայն, այս փոփոխութիւնը տեղի կրնայ ունենալ այս տարեշրջանի աւարտէն ետք միայն, կը նշէ Totalfootball.am` օգտագործելով իտալական կայքին հրապարակած լուրը:
Նշենք, որ «Քալչիօ»-ի 25-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Ինթեր կը գրաւէ դասաւորման 9-րդ դիրքը: