Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականի նախկին միջնապահ Հրաչ Եաքան տեղափոխուեցաւ Սերվեթ, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Զուիցերիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան:
Սերվեթի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ 26 տարեկան Եաքան մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր նոր ակումբին հետ: