Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հրապարակեց յայտագիրը Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց տարիքային ախոյեանութեան (2001-2002-ի ծնունդ) կիսաւարտական հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի պիտի ունենան կիրակի, 8 մարտին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ, Նաքքաշ:
Յետմիջօրէի ժամը 13:00-ին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը մրցի Պլու Սթարզի դէմ, իսկ ժամը 14:30-ին տեղի կ՛ունենայ կիսաւարտականի երկրորդ մրցումը, որ իրարու դէմ կը հանէ Հուփսը եւ Շանվիլը: