Շաբաթասկիզբին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը իր կեդրոնատեղիին մէջ գումարեց արտակարգ եւ մարաթոնային ժողով մը` օրակարգի վրայ ունենալով միայն մէկ հարց, որ կապուած էր Ռիատի – Սաժես պասքեթպոլի մրցումին, որուն ընթացքին տեղի ունեցած էին բազմաթիւ ոչ մարզավայել հարցեր:
Այս ժողովը տեղի ունեցաւ նախագահութեամբ ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսարի եւ ֆետերասիոնին անդամներէն 13-ին:
Ֆետերասիոնը դիտելէ ետք այդ մրցումին տեսերիզը, լսելէ ետք օրուան յանձնակատարին տեղեկագիրը, ինչպէս նաեւ իմանալէ ետք երկու ակումբներուն բողոքներն ու զեկուցումները, տուաւ կարգ մը որոշումներ:
Նախ եւ առաջ Ռիատի տուգանքի ենթարկուելէ բացի իր յաջորդ երեք մրցումները պիտի կատարէ առանց իր համակիրներուն:
Ռիատիի 48 ժամուան պայմանաժամ մը տրուեցաւ, որպէսզի ֆետերասիոնին փոխանցէ այն անձերուն անունները, որոնք խուլիկանութիւն կատարեցին եւ յարձակեցան Սաժեսի մարզիկներէն Հայկ Կէօքճեանի, Ճօ Ղաթթասի, Էլի Ռըսթոմի, Ժիւլիեն Խազզուխի եւ Էլի Սթեֆանի վրայ, որոնք վնասուածքներ ստացան:
Սաժեսի մարզիկ Թերել Սթոկլին տուգանքի ենթարկուելէ բացի 3 մրցումով կախակայուեցաւ, որովհետեւ հանդերձարանէն դուրս գալով կարգ մը անձերու զարկած էր:
Իսկ Ռիատիիի մարզիկ Ալի Մահմուտ, որ իր կարգին տուգանքի ենթարկուեցաւ, 3 մրցումով կախակայուեցաւ: Ան յաւելեալ 2 մրցումով եւս կախակայուեցաւ, որովհետեւ մրցակից կազմին մարզիկին զարկաւ: Ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ անոր կատարած արարքը չի կրնար ընդունելի ըլլալ, մանաւանդ որ ան մաս կը կազմէ Լիբանանի ազգային խումբին եւ իր այդ արարքով լաւ պատկեր մը չի տար Լիբանանի ազգային խումբին մասին:
Վերջապէս, ֆետերասիոնը զգուշացուց Սաժեսի եւ Ռիատիի պատասխանատուները, յառաջիկային հրապարակաւ ֆետերասիոնին հասցէին վարկաբեկիչ քննադատութիւններ չկատարեն, այլապէս անոնց դէմ պիտի տնօրինուին օրինական պատժամիջոցներ:
Նշենք, որ նախորդ շաբաթավերջին, Ռիատի – Սաժես մրցումէն ետք, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարը հրապարակեց որոշում մը, որուն մէջ նշեց, որ պասքեթպոլի մրցումները պիտի ըլլան առանց համակիրի` դռնփակ: