Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 4 մարտին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Ռիատի իր դաշտին` Մանարայի մէջ կը հիւրընկալէ ՀՄԸՄ-ը:
Նկատի ունենալով, որ Ռիատի կախակայուած է ֆետերասիոնին կողմէ, այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ առանց համակիրի` դռնփակ: