Մարզական

Մոտրիչի Հրաժարագինը` 500 Միլիոն Եւրօ

«Ֆութպոլ Լիքս» ներկայացուց Ռէալ Մատրիտի խրուաթ միջնապահ Լուքա Մոտրիչի պայմանագրութեան գծով մանրամասնութիւններ: 30 տարեկան ֆութպոլիստին փոխանցման համար արքայական ակումբը 2012-ին Թոթենհամին վճարեց 30 միլիոն եւրօ: Անոր տարեկան աշխատավարձը կը կազմէ 4,75 միլոն եւրօ: Յառաջիկայ տարեշրջաններուն` մինչեւ 2017, անոր աշխատավարձը պէտք էր բարձրանար 5,64 միլիոն եւրոյի: Սակայն այդ որոշումը կրնայ փոփոխութեան ենթարկուած ըլլալ` նկատի ունենալով որ ան 2014-ին, իր պայմանագրութիւնը մէկ...

Լիվըրփուլ «Փրեմիեր Լիկ»-ի Մրցանիշ Մը Հաստատեց

«Պի. Պի. Սի. ՍՓՈՐԹ» կը հաղորդէ, որ անգլիական Լիվըրփուլի ֆութպոլիստները «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցանիշ մը հաստատեցին մրցումին երկարաձգուած ժամանակին` իրենց արձանագրած յաղթանակներուն թիւով: Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 29-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Եիւրկըն Քլոփի խումբը մրցումին կորսուած վայրկեաններուն 2-1 արդիւնքով յաղթեց Քրիսթալ Փալասին: Այսպիսով, Լիվըրփուլ նմանօրինակ յաղթանակ մը արձանագրեց 28-րդ անգամ ըլլալով, ինչ որ մրցանիշ մըն է:  

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս 2 Կէտի Տարբերութեամբ` 70-68 Արդիւնքով Պարտուեցաւ Ռիատի Պէյրութէն

ՀՄԸՄ Անթիլիասի կազմը` երէկուան մրցումին Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան երթի մրցումները աւարտեցան երէկ` կիրակի, 6 մարտին, երբ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս - Ռիատի Պէյրութ սպասուած գագաթի ճակատումը: Երկու խումբերը իրենց այս մրցումը սկսան վեցական յաղթանակով: Անպայման խումբ մը պիտի կրէր տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը եւ ատիկա դժբախտաբար բաժին ինկաւ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Հիլալ Հարեթ Նաամէ – ՀՄԸՄ` 0-5

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 5 մարտին, Սաֆայի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Հիլալ Հարեթ Նաամէ - ՀՄԸՄ մրցումը: Մրցումին սկիզբէն սկսեալ տիրապետելով իր մրցակիցին վրայ` ՀՄԸՄ սկսաւ իրերայաջորդ կոլեր նշանակելով Ա. կիսախաղը աւարտել 4-0 արդիւնքով: ՀՄԸՄ-ի այդ չորս կոլերը նշանակեցին Յակոբ Տօնապետեան (2 կոլ), Քրիսթիան Թիմունեան եւ Սերժ Չաքրեան: Բ. կիսախաղին ՀՄԸՄ նշանակեց կոլ...

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Տպաւորիչ Մրցումով Մը Աւարտեց Տարեշրջանը

  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի խումբը` երէկուան մրցումին Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-սիքս»-ի վերջին հանգրուանի մրցումները տեղի ունեցան երէկ` կիրակի, 6 մարտին: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը, որ իր վերջին մրցումը կատարեց Սատաքայի դաշտին վրայ, 7-6 արդիւնքով յաղթեց Ամալ Պիքֆայայի: Սակայն, հակառակ իր արձանագրած այս յաղթանակին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ չկրցաւ գրաւել խմբակին երկրորդ դիրքը եւ երրորդ դիրքը գրաւելով չկրցաւ փլէյ-օֆի մրցումներուն...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սաժես Կրեց Տարեշրջանի Իր 8-րդ Պարտութիւնը

Պիպլոս - Սաժես մրցումէն Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 4-րդ հանգրուանը աւարտեցաւ շաբաթ, 5 մարտին, երբ Միշել Սլէյմանի անուան մարզահամալիրին մէջ (Ժիպէյլ) Պիպլոս հիւրընկալեց Սաժեսը: Պիպլոս արձանագրեց իր 6-րդ յաղթանակը (6 պարտութիւններու կողքին), երբ 83-63 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սաժեսը (24-13, 48-21, 67-40 եւ 83-63): Սաժես, որ արձանագրած է միայն 4 յաղթանակ, կրեց իր 8-րդ պարտութիւնը: Պիպլոսէն Ճէյ Եանկպլատ...

Թենիս. Անի Ամիրաղեան Քննադատեց Հայաստանի Թենիսի Ֆետերասիոնին Աշխատանքը

Հայ թենիսվումըն Անի Ամիրաղեան քննադատեց Հայաստանի թենիսի ֆետերասիոնին աշխատանքը: «Դժբախտաբար, իրավիճակը բաւական բարդ է: Հայաստանի մէջ պէտք է ունենալ հովանաւոր, որ պէտք է օգնէ մարզիկին` լաւ արդիւնք արձանագրելու համար: «Մեր մօտ լաւ ակումբներ կան, փորձերու մեծ սրահներ կան, բայց մեզ ոչ ոք կ՛օգնէ, որ մարզուինք: Շատ աշխատանքներ կան, որոնց վրայ ֆետերասիոնը պէտք է անպայման աշխատի: «Ֆետերասիոնին նախագահը, որ դաշտի մը...

Մալաքեան Եղբայրները Իրենց Նորամուտը Նշեցին Ուքրանիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութեան Մէջ

Նախորդ շաբաթավերջին սկսան Ուքրանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան դարձի մրցումները, երբ տեղի ունեցան 17-րդ հանգրուանի հանդիպումները: Սթալ Տնիփրոզերզինսքի իր դաշտին վրայ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Օլեքսանտրիայի հետ: Սթալի հետ իրենց առաջին մրցումը կատարեցին եւ Ուքրանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մէջ իրենց նորամուտը նշեցին Գոռ եւ Էտկար Մալաքեան եղբայրները: Էտկար Մալաքեան իր մասնակցութիւնը բերաւ ամբողջ մրցումին, մինչ Գոռ Մալաքեան փոխարինուեցաւ 74-րդ վայրկեանին: Սթալ այժմ...

Թենիս – «Տէյվիս Քափ». Հայաստանի Հաւաքականը Իր Առաջին Յաղթանակը Արձանագրեց

Էսթոնիոյ մայրաքաղաք Թալիննի մէջ իրենց աւարտին կը մօտենան թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի բաժակի մրցաշարքին Եւրոպայի գօտիի 3-րդ խմբակին մրցումները: Հայաստանի հաւաքականը, որ մրցեցաւ Ալպանիոյ դէմ, արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը, յայտնեց Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը: Միքայէլ Խաչատրեան յաղթեց, մինչ Միքայէլ Աւետիսեան` պարտուեցաւ: Զոյգի մրցումներուն Աւետիսեան-Խաչատրեան զոյգը տարաւ վերջնական յաղթանակը: Նշենք, որ Հայաստան, որ նախորդ երկու մրցումներուն պարտուեցաւ Մակեդոնիայէն եւ Իրլանտայէն,...

«Էն. Պի. Էյ.». Տեմիըն Լիլար Նշանակեց 50 Կէտ, Բայց Պլէյզըրզ Պարտուեցաւ

Տեմիըն Լիլար (աջին) «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան բազմաթիւ ճակատումներ: Թորոնթօ Ռեփթըրզ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզը, 117-115 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Թէեւ Տեմիըն Լիլար նշանակեց 50 կէտ, բայց անոր կազմը չկրցաւ յաղթանակ մը արձանագրել Թորոնթոյի մէջ: Ռեփթըրզին մաս կազմող Տեմար Տերոզան նշանակեց 38 կէտ: Հիուսթըն Ռոքեթցի մարզիկ Ճէյմս Հարտեն թէեւ...

«ՖԻՖԱ-ն Կարգ Մը Փոփոխութիւններ Կատարեց Ֆութպոլի Օրէնքներուն Մէջ

ՖԻՖԱ-ի պաշտօնական կայքին մէջ նշուեցաւ, որ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքերուն գծով տեղի ունեցան փոփոխութիւններ: Այն մրցումին, որ կ՛երկարաձգուի, մարզիչներուն առիթ մը պիտի տրուի իրենց չորրորդ փոփոխութիւնը կատարել: Ֆութպոլի օրէնքներուն մէջ փոփոխութիւններու կարգին եղաւ այն, որ մրցումէն առաջ տեղի ունեցած վիճաբանութեան համար իրաւարարներուն արտօնութիւն կը տրուի ֆութպոլիստները հեռացնել դաշտէն: Այլ կէտով մը, կիսախաղի դադարէն ետք, մրցումը կը վերսկսի, երբ դաշտին կեդրոնը մարզիկները...

Դահուկարշաւ. Նորվեկիա Տիրացաւ Առաջին Ոսկի Մետալին

Թիրիլ Էքհոֆ Նորվեկիոյ Հոլմենքոլեն քաղաքին մէջ տեղի ունեցող դահուկարշաւի Պիաթլոնի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն, նախորդ շաբաթավերջին Նորվեկիա տիրացաւ իր առաջին ոսկի մետալին, երբ Թիրիլ Էքհոֆ աղջկանց 7,5 քիլոմեթրի մրցումին արձանագրեց 21 վայրկեան 10" 8 արդիւնք մը:  

Սուարեզի Կախակայումը Աւարտեցաւ

Ուրուկուէյի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ Պարսելոնայի յառաջապահ Լուիս Սուարեզի կախակայումը աւարտեցաւ: 2014-ի Մոնտիալին իտալացի Ճիորճիօ Քիելինիի ուսը խածած ըլլալուն համար Սուարեզ 9 մրցումով կախակայուած էր Ուրուկուէյի հետ: Այժմ Սուարեզ հրաւէր ստացած է իր մասնակցութիւնը բերելու Պրազիլի եւ Փերուի դէմ տեղի ունենալիք 2018-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն:  

Պարսելոնա Նոր Պայմանագրութիւն Մը Պիտի Առաջարկէ Լիոնել Մեսսիին

Ըստ «Էլ Մունտօ Տեփորթիվօ»-ի, քաթալոնական Պարսելոնա ֆութպոլի ակումբը նոր պայմանագրութիւն մը պիտի առաջարկէ արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիին: Կը կարծուի, որ այդ պայմանագիրը նախատեսուած ըլլայ մինչեւ 2022: Անոր գործող պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2021-ին:  

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Յաղթեց Ախոյեան Ռիատիի Եւ Գրաւեց Պարագլուխի Դիրքը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Յաղթեց Ախոյեան Ռիատիի Եւ Գրաւեց Պարագլուխի Դիրքը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ բաւական զօրաւոր ճակատում մը, որուն ընթացքին երկրորդ դիրքը գրաւող ՀՄԸՄ հիւրընկալեց պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող ախոյեան Ռիատին: Մրցումը եղաւ բաւական տաք` նկատի ունենալով, որ գրեթէ չորս քորթըրներն ալ ընթացան իրարու շատ մօտ արդիւնքով: Մրցումին տեւողութեան ընթացքին...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ Գագաթի Ճակատում

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան երթի մրցումները կ՛աւարտին վաղը` կիրակի 6 մարտին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, երբ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը հիւրընկալէ Ռիատի Պէյրութը: Այս մրցումը պիտի ըլլայ գագաթի ճակատում մը` նկատի ունենալով, որ երկու խումբերն ալ ցարդ իրենց կատարած վեց մրցումներն ալ յաղթանակով աւարտած են: Երկու կազմերն ալ լրջօրէն պատրաստուած են...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` Հիլալ Հարեթ Նաամէ – ՀՄԸՄ

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 5 մարտին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը կը մրցի Հիլալ Հարեթ Նաամէի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Սաֆայի մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 14:15-ին: ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի ամէն գնով յաղթանակ մը արձանագրել` ներկայացնելով տպաւորիչ մրցում մը: Ստորեւ` շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը. Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 14-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ՇԱԲԱԹ, 5...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը.  Այսօր` Պորուսիա Տորթմունտ – Պայէրն Միւնիխ Ճակատում

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Այսօր` Պորուսիա Տորթմունտ – Պայէրն Միւնիխ Ճակատում

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, թէեւ պիտի կատարուին հերթական մրցումները, սակայն այդքան ալ զօրաւոր ճակատումներ չկան: Գերմանիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ բաւական զօրաւոր եւ կարելի է ըսել ախոյեանութեան տիտղոսը գրեթէ որոշող ճակատում մը, երբ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պայէրն Միւնիխ այսօր հիւրը ըլլայ Պորուսիա Տորթմունտին: Տորթմունտ ամէն գնով յաղթանակի պէտք ունի, որպէսզի կէտերու տարբերութիւնը նուազեցնէ երեքի:...

Սաժես Ակումբի Ընտրութիւններ. Մարուն Ղալեպ` Նախագահ

Հինգշաբթիէն ուրբաթ լուսցող գիշերուան ուշ ժամերուն աւարտեցան Սաժես ակումբին ընտրութիւնները, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին ակումբին անդամագրուած անդամները: Վերջին շաբթուան ընթացքին բազմաթիւ փորձեր կատարուեցան համախոհական ցանկ մը կազմելու համար, բայց անօգուտ: Թէեւ կարգ մը անկախ թեկնածուներ յետս կոչեցին իրենց առաջադրած թեկնածութիւնը, սակայն նկատի ունենալով, որ կը մնար իրարու մրցակից երկու ցանկ, ընտրութիւնները տեղի ունեցան: Մարուն Ղալեպի գլխաւորած ցանկը ամբողջութեամբ յաջողեցաւ, մինչ...

Ճատրակ. Լիլիթ Մկրտչեան Համաշխարհային Մտաւոր Խաղերուն Գրաւեց 5-րդ Դիրքը

Հայաստանի ճատրակի աղջկանց հաւաքականի անդամ Լիլիթ Մկրտչեան համաշխարհային մտաւոր խաղերուն աւարտին գրաւեց ընդհանուր դասաւորման 5-րդ դիրքը, յայտնեց Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը: Մկրտչեան բաւական լաւ կարելիութիւն ունէր գրաւելու 3-րդ դիրքը, բայց պարտութիւն մը կրելով գրաւեց 5-րդ դիրքը:  

Page 1125 of 1276 1 … 1,124 1,125 1,126 … 1,276

Արխիւներ