
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 4-րդ հանգրուանը աւարտեցաւ շաբաթ, 5 մարտին, երբ Միշել Սլէյմանի անուան մարզահամալիրին մէջ (Ժիպէյլ) Պիպլոս հիւրընկալեց Սաժեսը:
Պիպլոս արձանագրեց իր 6-րդ յաղթանակը (6 պարտութիւններու կողքին), երբ 83-63 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սաժեսը (24-13, 48-21, 67-40 եւ 83-63):
Սաժես, որ արձանագրած է միայն 4 յաղթանակ, կրեց իր 8-րդ պարտութիւնը:
Պիպլոսէն Ճէյ Եանկպլատ նշանակեց 21 կէտ, իսկ Պասել Պաուժի` 18 կէտ եւ 12 ռիպաունտ:
Սաժեսէն Օլեքսէյ Փեչերով նշանակեց 16 կէտ: Անոր խմբակից Թերել Սթոկլին չկրցաւ լաւ ներկայացում մը ունենալ, որովհետեւ ուսի ցաւեր ունենալուն պատճառով, մրցումը կիսատ ձգեց:
Մրցումին տեւողութեան ընթացքին Պիպլոս առիթով մը 30 կէտի առաւելութեամբ (56-26) գերազանցեց Սաժեսը:
Այս մրցումը տեւեց 1 ժամ 33 վայրկեան:
Օրուան իրաւարարներն էին Ռապպահ Նըժէյմ, Ատել Խուէյրի եւ Ռապիհ Մասրի:
Դարձի 5-րդ հանգրուանը սկսաւ երէկ, երբ Մանարայի իր դաշտին վրայ Ռիատի Պէյրութ հիւրընկալեց Թատամոնը:
Մրցումը աւարտեցաւ Ռիատիի յաղթանակով` 86-64 արդիւնքով (13-23, 42-29, 63-45 եւ 86-64):
Ռիատիէն Ֆատի Խաթիպ նշանակեց 24 կէտ, իսկ Թատամոնէն Պրանքօ Սվեթքովիչ նշանակեց 26 կէտ:
Այսօր, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, Հուփս Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ կը հիւրընկալէ Շանվիլը: