Մարզական

Պարսելոնա Կտրեց Ռէալ Մատրիտի Հաստատած Մրցանիշը

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 27-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախանցեալ օր Պարսելոնա ոչ միայն իր արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը, այլեւ 35-րդ մրցումն ըլլալով բոլոր տեսակի մրցաշարքերուն ընթացքին մնաց անպարտելի, այսպիսով կոտրելով Ռէալ Մատրիտի 1988-89 տարեշրջանին հաստատած մրցանիշը, որ 34 մրցումի ընթացքին մնացած էր անպարտելի:

Քաքա Հրաւիրուեցաւ Պրազիլի Ֆութպոլի Ազգային Խումբ

  Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Տունկա հրապարակեց այն ֆութպոլիստներուն անունները, որոնք պիտի նախապատրաստուին Ուրուկուէյի եւ Փարակուէյի դէմ տեղի ունենալիք 2018-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին: Յատկանշականը այն է, որ բաւական երկար դադարէ ետք ազգային խումբ հրաւիրուեցաւ 2007-ի աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլիստը ընտրուած` Օրլանտօ Սիթիի միջնապահ Քաքա: Ստորեւ` Տունկայի հրապարակած կազմը. ԲԵՐԴԱՊԱՀՆԵՐ.- Տիեկօ Ալվես (Վալենսիա), Մարսելօ Կրոհէ (Կրեմիօ) եւ Ալիսոն (Ինթըրնասիոնալ): ՅԵՏՍԱՊԱՀՆԵՐ.- Տաւիտ...

Պասքեթպոլ. Լիբանանի 18 Տարեկանէն Վար Տղոց Ազգային Խումբը Կը Պատրաստուի Ասիոյ Ախոյեանութեան

Յուլիսին Իրանի մէջ տեղի պիտի ունենան Ասիոյ պասքեթպոլի տղոց 18 տարեկանէն վար ախոյեանութեան մրցումները, որոնց իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Լիբանան: Այս ախոյեանութեան լաւ արդիւնք ձեռք ձգելու համար Լիբանանի կազմը շաբաթական երեք փորձեր կը կատարէ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ)` հսկողութեամբ գլխաւոր մարզիչ Ճօ Մուժահեսի, օգնական մարզիչ Շարպել Պաշի, ֆիզիքականի մարզիչ Ֆուատ Ժըրժեսի եւ ներկայութեամբ խումբի պատասխանատու Թոնի Ճունթոյեանի: Նշենք,...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Ռիատի Գագաթի Ճակատում

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 4-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումին, այսօր` ուրբաթ, 4 մարտին տեղի պիտի ունենայ ՀՄԸՄ - Ռիատի մրցումը: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 17:40-ին: Յետադարձ ակնարկ մը կատարելով նշենք, որ շաբաթ, 16 յունուարին Մանարայի մէջ թէեւ Ռիատի 18 կէտի առաւելութեամբ (105-87) յաղթանակ...

ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում. Հայաստան Եօթը Դիրքի Ոստում Մը Արձանագրեց

Երէկ` հինգշաբթի, 3 մարտին, ՖԻՖԱ-ն հրապարակեց աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերու միջազգային նոր դասաւորումը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը նախորդ դասաւորման համեմատ եօթը դիրքի ոստում մը արձանագրելով այժմ կը գրաւէ դասաւորման 116-րդ դիրքը: 2018-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին գծով Հայաստանի խմբակին մաս կազմող խումբերը կը գրաւեն հետեւեալ դիրքերը. Ռումանիա` 16-րդ, Լեհաստան` 31-րդ, Դանիա` 40-րդ, Մոնթենեկրօ` 84-րդ եւ Ղազախստան` 125-րդ: Պելճիքա կը շարունակէ գրաւել...

Ռէալ Մատրիտ 60 Միլիոն Եւրոյի Փոխարէն Կ՛ուզէ Ծախել Ռոնալտոն

Ռէալ Մատրիտի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերես յառաջիկայ ամրան որոշած է մեծ եւ հիմնական փոփոխութիւններ կատարել իր կազմին մէջ: Արքայական ակումբը պատրաստ է հրաժեշտ տալու 10 ֆութպոլիստներու, որոնց կարգին են նաեւ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ եւ Սերճիօ Ռամոս, կը յայտնէ Sport.es կայքը: Վերոնշեալ աղբիւրին համաձայն, մայրաքաղաքի կազմը պատրաստ է 60 միլիոն եւրոյի փոխարէն ծախել փորթուգալցի իր մարզիկը, մինչ սպանացի Ռամոսին համար պիտի պահանջէ 25...

Եուրօ-2016. Մրցումները Կրնան Տեղի Ունենալ… Առանց Համակիրներու

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն հաստատեց այն տեղեկութիւնները, ըստ որոնց, նկատի ունենալով անվտանգութեան հետ կապուած դրդապատճառները, Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները կրնան տեղի ունենալ... առանց համակիրներու: «Մենք աշխատանք կը տանինք, որպէսզի բոլոր անհրաժեշտ նախազգուշութիւնները նկատի առնուին: Թէեւ ներկայիս վտանգի սպառնալիքներ չկան, բայց կը մտադրենք մրցումները կայացնել առանց համակիրներու եւ կամ մրցումներուն կայացման վայրը փոփոխութեան ենթարկել: Մեզի համար առաջնահերթ խնդիր է համակիրներուն...

Համլեթ Մխիթարեան Կրնայ Նշանակուիլ Փարսենի Մարզիչ

Իր լուրը քաղելով Varzesh3.com կայքէն` ArmSport.am կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Համլեթ Մխիթարեան կրնայ նշանակուիլ Փարսենի (Իրան) մարզիչ: Ինչպէս կը նշուի, Մխիթարեան կը նկատուի վերոնշեալ ակումբը գլխաւորելու հիմնական թեկնածուն: Իրանի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ընթացիկ տարեշրջանին Փարսեն երեք անգամ պաշտօնանկ ըրած է իր գլխաւոր մարզիչները: Եթէ պատահի, որ 42 տարեկան Մխիթարեան ստանձնէ այս պաշտօնը, այս տարեշրջանին պիտի...

«Քալչիօ». Այսօր` Ա. Էս. Ռոմա – Ֆիորենթինա

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 28-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, այսօր տեղի կ՛ունենայ բաւական հետաքրքրական ճակատում մը, որուն ընթացքին Ա. Էս. Ռոմա կը հիւրընկալէ Ֆիորենթինան: Անոնք երկուքն ալ ունին 53-ական կէտ եւ յաջորդաբար կը գրաւեն 3-րդ եւ 4-րդ դիրքերը: Ստորեւ` 28-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ` խումբերուն գրաւած դիրքերը). ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ Ա. Էս. Ռոմա (3) - Ֆիորենթինա (4) 21:45...

Մանչեսթըր Եունայթըտ Հիկուայինի Համար Կ՛առաջարկէ 80 Միլիոն Եւրօ

«Քուրիերէ տելլօ Սփորթ»-ի համաձայն, Նափոլիի եւ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Կոնզալօ Հիկուային շատ հաւանաբար ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ: Կը հաղորդուի, որ եթէ Ժոզէ Մուրինիօ նշանակուի Մանչեսթըրի մարզիչ, ան որոշած է իր կազմին միացնել 28 տարեկան ֆութպոլիստը` «Օլտ Թրեֆորտ»: Անոր փոխանցման համար անգլիական ակումբը մտադիր է առաջարկել 80 միլիոն եւրօ: Թէեւ Նափոլիի հետ անոր պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի...

«Նայքի» Նոր Առաջարկ Մը Կը Ներկայացնէ Պարսելոնային

Սպանական «ԱՍ» մարզաթերթին համաձայն, միջազգային «Նայքի» հանրածանօթ վաճառանիշը շատ հաւանաբար նոր պայմանագրութիւն մը առաջարկէ Պարսելոնային` փոխան տարեկան 85 միլիոն եւրոյի: Գործող պայմանագիրին համաձայն, ակումբին հովանաւորը այժմ տարեկան կը վճարէ 54 միլիոն եւրօ:  

Ֆրանսա. Այսօր` Քան – Մոնաքօ

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լիկ-1»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենայ Քան - Մոնաքօ 29-րդ հանգրուանի բացման մրցումը: Երկու խումբերն ալ կը գտնուին բաւական լաւ դիրքերու վրայ եւ կը կարծուի, որ մրցումը պիտի ըլլայ բաւական հետաքրքրական: Ստորեւ` 29-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ` խումբերուն գրաւած դիրքերը). ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ Քան (4) - Մոնաքօ (2) 21:30 ՇԱԲԱԹ   Փարիզ Սեն...

Ատրիանօ` Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգելու Սեմին

Ըստ Sport.es կայքին հրապարակած տեղեկութիւններուն, Պարսելոնային մաս կազմող պրազիլցի յառաջապահ Ատրիանօ պիտի մնայ իր կազմին հետ, որովհետեւ ան իր պայմանագրութիւնը երկարաձգելու սեմին է: Կը կարծուի, որ ան իր պայմանագրութիւնը պիտի երկարաձգէ մինչեւ յուլիս 2017: Նշենք, որ նախապէս լուրեր շրջան կ՛ընէին, որ ան յառաջիկայ ամառ պիտի հեռանայ իր կազմէն:  

Ալլեկրի Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգեց Մինչեւ 2019

«Սքայ Սփորթ Իթալիա» կը յայտնէ, որ Եուվենթուսի մարզիչ Մասիմիլիանօ Ալլեկրի նոր պայմանագրութիւն մը կնքեց իր ակումբին հետ: Աղբիւրին համաձայն, այս նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2019: Նշենք, որ իտալացի մասնագէտով մօտէն հետաքրքրուած էին Ռէալ Մատրիտ եւ Չելսի:  

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Լուէյզի – Մութթահետ` 86-94

Երէկուան մրցումէնPROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 4-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, երէկ Լուէյզի իր դաշտին` Սանթրալի մէջ հիւրընկալեց Մութթահետը: Մրցումին առաջին երեք քորթըրները եղան գրեթէ հաւասար: Բայց չորրորդ եւ վերջին քորթըրին Մութթահետ, հետզհետէ կէտերու տարբերութիւնը բարձրացնելով, տարաւ վերջնական յաղթանակը` 94-86 արդիւնքով (22-23, 37-36, 57-58 եւ 86-94): Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Կերոն Ճոնսըն (35), մինչ անոր խմբակից Ալեքսանտըր...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը վաւերացուց նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները, քննեց օրակարգին վրայ գտնուող հարցերը` տալով համապատասխան որոշումներ, ինչպէս նաեւ հրապարակեց այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը: Այնպէս կը թուի, որ նախորդ շաբաթավերջին մրցումները հեզասահ ընթացան, որովհետեւ ակումբներուն դէմ տուգանքներ չսահմանուեցան, պատասխանատուներ չկախակայուեցան եւ մարզիկներու պատիժներ չտնօրինուեցան: Իրենց երրորդ դեղին քարտը ստացած ըլլալուն համար մէկական...

Բարձրագոյն Դասակարգի 22 Ֆութպոլիստ Հրաւիրուեցաւ Հայաստանի Ազգային Հաւաքական

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը 4-6 մարտին մարզական հաւաք պիտի կատարէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարուժան Սուքիասեան այս հաւաքին մասնակցելու համար հրաւէր ղրկեց միայն Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցող ֆութպոլիստներուն: Ստորեւ` հրաւիրուած 22 մարզիկներուն անուանացանկը. ԲԵՐԴԱՊԱՀՆԵՐ.- Արսէն Բեգլարեան (Միքա), Գէորգ Պռազեան (Արարատ) եւ Գոռ Մանուկեան (Փիւնիկ): ՅԵՏՍԱՊԱՀՆԵՐ.- Նորայր Գրիգորեան (Արարատ), Վարազդատ Հարոյեան,...

Ահտ Ունեցաւ Նոր Մարզիչ Մը

Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի խումբերէն Ահտ ունեցաւ իր նոր մարզիչը` գերմանացի Ռոպերթ Ժասպերթը, որ մարզիչ իր նշանակումէն անմիջապէս ետք սկսաւ իր փորձերուն` խումբին մարզադաշտին վրայ (Ուզահիի շրջան): Ան Ահտի հետ իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ Իժթիմահիի դէմ` Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ: Այնուհետեւ ան յառաջիկայ երեքշաբթի օր բաւական կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք, երբ Սայտայի քաղաքապետարանի...

Այսօր` Վրաստան – Հայաստան Բարեկամական Երկրորդ Մրցումը

Հայաստանի ֆութպոլի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը, որ կը գտնուի Վրաստան, այսօր պիտի կատարէ իր երկրորդ բարեկամական մրցումը, դարձեալ վրացի իր հասակակիցներուն դէմ: Անոնց միջեւ առաջին մրցումը, որ տեղի ունեցաւ նախանցեալ օր, աւարտեցաւ Վրաստանի յաղթանակով` 4-1 արդիւնքով, հակառակ անոր որ հայրենի կազմը ինք բացաւ մրցումին հաշիւը` Նելսոն Յարութիւնեանի նշանակած կոլին շնորհիւ (8-րդ): Սակայն Բ. կիսախաղին, Վրաստան չորս անգամ պատասխանեց: Նշենք, որ...

Հայաստանի Երիտասարդական Հաւաքական Հրաւիրուեցան 23 Ֆութպոլիստներ

Հայաստանի 21 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականը 4-6 մարտին մարզական հաւաք մը պիտի կատարէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ֆութպոլի ակադեմիայի կեդրոնին մէջ: Հաւաքին վերջաւորութեան, Հայաստանի կրտսերներու հաւաքականը ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Հայաստանի ազգային հաւաքականին դէմ, կը յայտնէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Հայաստանի 21 տարեկանէն վար հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Կարէն Բարսեղեան հաւաքին մասնակցելու համար հաւաքական հրաւիրեց միայն Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան...

Page 1126 of 1276 1 … 1,125 1,126 1,127 … 1,276

Արխիւներ