Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան երթի մրցումները կ՛աւարտին վաղը` կիրակի 6 մարտին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, երբ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը հիւրընկալէ Ռիատի Պէյրութը:
Այս մրցումը պիտի ըլլայ գագաթի ճակատում մը` նկատի ունենալով, որ երկու խումբերն ալ ցարդ իրենց կատարած վեց մրցումներն ալ յաղթանակով աւարտած են:
Երկու կազմերն ալ լրջօրէն պատրաստուած են ախոյեանութեան եւ կը նկատուին տիտղոսին երկու գլխաւոր թեկնածուները:
ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկներուն կը մնայ շրջանցել վաղուան արգելքն ալ եւ շարունակել մնալ անպարտելի:
Ասիկա կրնայ տեղի ունենալ այն ժամանակ միայն, երբ կը կիրարկուի խմբային խաղաոճ, փոխանցումները կ՛ըլլան ճշգրիտ, մարզիկներուն միջեւ փոխհասկացողութիւնը դաշտին վրայ կ՛ըլլայ տիրական, եսասիրութիւնը կ՛ըլլայ բացակայ, եւ ամէնէն կարեւորը` մարզիկները իրենց կէտերը կը նշանակեն առանց վրիպումի:
Յաղթանակ արձանագրելու յստակ նպատակ ունենալով` մարզիկները իրենց արդիւնքը պիտի տան դաշտին վրայ, իսկ ՀՄԸՄ-ի համակիրները` թրիպիւններուն վրայ:
Վաղը բոլորիս ժամադրավայրը պիտի ըլլայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրը` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ քաջալերելու համար մեր մարզիկները: