
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան բազմաթիւ ճակատումներ:
Թորոնթօ Ռեփթըրզ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզը, 117-115 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Թէեւ Տեմիըն Լիլար նշանակեց 50 կէտ, բայց անոր կազմը չկրցաւ յաղթանակ մը արձանագրել Թորոնթոյի մէջ: Ռեփթըրզին մաս կազմող Տեմար Տերոզան նշանակեց 38 կէտ:
Հիուսթըն Ռոքեթցի մարզիկ Ճէյմս Հարտեն թէեւ նշանակեց 36 կէտ, բայց անոր կազմը 108-100 արդիւնքով պարտուեցաւ Շիքակօ Պուլզէն:
Ինտիանա Փէյսըրզ Ուաշինկթընի մէջ 100-99 արդիւնքով յաղթեց Ուիզըրտծի: Փոլ Ճորճ (Փէյսըրզ) նշանակեց 38 կէտ: