Հինգշաբթիէն ուրբաթ լուսցող գիշերուան ուշ ժամերուն աւարտեցան Սաժես ակումբին ընտրութիւնները, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին ակումբին անդամագրուած անդամները:
Վերջին շաբթուան ընթացքին բազմաթիւ փորձեր կատարուեցան համախոհական ցանկ մը կազմելու համար, բայց անօգուտ:
Թէեւ կարգ մը անկախ թեկնածուներ յետս կոչեցին իրենց առաջադրած թեկնածութիւնը, սակայն նկատի ունենալով, որ կը մնար իրարու մրցակից երկու ցանկ, ընտրութիւնները տեղի ունեցան:
Մարուն Ղալեպի գլխաւորած ցանկը ամբողջութեամբ յաջողեցաւ, մինչ մրցակից ցանկը, զոր կը գլխաւորէր Էլի Մըշանթաֆ` ձախողեցաւ:
Այս ընտրութիւններէն ետք յաղթական ցանկը ժողով մը գումարելով կատարեց պաշտօններու բաժանում` հետեւեալ ձեւով.
Մարուն Ղալեպ` նախագահ, Սամի Պըրպարի` փոխնախագահ, Միշել Խուրի` ընդհանուր քարտուղար, Ժոզեֆ Սաումա` գանձապահ, Փաթրիք Աուն, Էլի Ռըշտան եւ Ռոմէօ Ապու Թայեհ` խորհրդականներ: