
Էսթոնիոյ մայրաքաղաք Թալիննի մէջ իրենց աւարտին կը մօտենան թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի բաժակի մրցաշարքին Եւրոպայի գօտիի 3-րդ խմբակին մրցումները:
Հայաստանի հաւաքականը, որ մրցեցաւ Ալպանիոյ դէմ, արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը, յայտնեց Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը:
Միքայէլ Խաչատրեան յաղթեց, մինչ Միքայէլ Աւետիսեան` պարտուեցաւ:
Զոյգի մրցումներուն Աւետիսեան-Խաչատրեան զոյգը տարաւ վերջնական յաղթանակը:
Նշենք, որ Հայաստան, որ նախորդ երկու մրցումներուն պարտուեցաւ Մակեդոնիայէն եւ Իրլանտայէն, այժմ պիտի պայքարի 9-12-րդ դիրքերուն համար:


