Հայաստանի ճատրակի աղջկանց հաւաքականի անդամ Լիլիթ Մկրտչեան համաշխարհային մտաւոր խաղերուն աւարտին գրաւեց ընդհանուր դասաւորման 5-րդ դիրքը, յայտնեց Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը:
Մկրտչեան բաւական լաւ կարելիութիւն ունէր գրաւելու 3-րդ դիրքը, բայց պարտութիւն մը կրելով գրաւեց 5-րդ դիրքը: