
«Ֆութպոլ Լիքս» ներկայացուց Ռէալ Մատրիտի խրուաթ միջնապահ Լուքա Մոտրիչի պայմանագրութեան գծով մանրամասնութիւններ:
30 տարեկան ֆութպոլիստին փոխանցման համար արքայական ակումբը 2012-ին Թոթենհամին վճարեց 30 միլիոն եւրօ: Անոր տարեկան աշխատավարձը կը կազմէ 4,75 միլոն եւրօ:
Յառաջիկայ տարեշրջաններուն` մինչեւ 2017, անոր աշխատավարձը պէտք էր բարձրանար 5,64 միլիոն եւրոյի:
Սակայն այդ որոշումը կրնայ փոփոխութեան ենթարկուած ըլլալ` նկատի ունենալով որ ան 2014-ին, իր պայմանագրութիւնը մէկ տարիով երկարաձգեց:
Այժմ Մոտրիչի հրաժարագինը կը կազմէ 500 միլիոն եւրօ, կ՛եզրափակէ «Ֆութպոլ Լիքս»:


