Մարզական

Նաւաս Գերազանցեց Վան Տեր Սարը

Նախանցեալ օր տեղի ունեցած Ռէալ Մատրիտ - Ա. Էս. Ռոմա «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումին, սպանական կազմի 29 տարեկան բերդապահ Քէյլոր Նաւաս այս մրցաշարքին գծով իր բերդը պահեց անառիկ` 675 վայրկեան: Այսպիսով, Քոսթա Ռիքայի բերդապահը գերազանցեց Մանչեսթըր Եունայթըտի նախկին բերդապահ Էտուին Վան տեր Սարի մրցանիշը, որ 657 վայրկեան կոլ ստացած չէր: Մրցանիշը սակայն կը պատկանի Արսենալի եւ...

Պարսելոնա Պատրաստ Է Նոր Պայմանագրութիւն Մը Առաջարկելու Պուսքեցին

«Մարքա» կը հաղորդէ, որ քաթալոնական Պարսելոնան կը մտադրէ նոր պայմանագրութիւն մը առաջարկել ակումբի միջնապահ Քարլոս Պուսքեցին: Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, ակումբին նախագահը` Եոսիփ Փարթումէու, կ՛ուզէ Պուսքեցը դարձնել խումբին ամէնէն բարձր վարձատրուող ֆութպոլիստներէն մէկը: Կը կարծուի, որ Պարսա Պուսքեցին պիտի առաջարկէ տարեկան 16 միլիոն եւրօ աշխատավարձ մը:  

Ռումանիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. 4 Կարմիր Եւ 10 Դեղին Քարտ` Թերկու Մուրեշի

Ռումանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան առաջին հանգրուանի` Թերքու Մուրեշ - Փանտուրիա մրցումին ընթացքին արձանագրուեցաւ անսովոր կացութիւն մը: Արդարեւ, դաշտին տիրոջ ֆութպոլիստները ստացան 4 կարմիր եւ 10 դեղին քարտ: Հիմնական մարզիկներէն 9-ը, իսկ այլ մարզիկ մը փոխարինածներէն մէկը ստացան դեղին քարտեր: Կարմիր քարտերէն երեքը ուղղակիօրէն տրուեցան, իսկ մէկը երկրորդ դեղին քարտէն ետք: Ինչպէս կը տեղեկացնէ onlinesport.ro կայքը, Ռումանիոյ իրաւարարներու յանձնախումբը այժմ կը քննարկէ...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոն – Ա. Դասակարգի Ակումբներու Ժողով

Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութեան կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ հինգշաբթի, 10 մարտին Ա. դասակարգի ակումբները ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ հրաւիրուած են յատուկ ժողովի մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին ախոյեանութեան մրցումներուն ընթացքին դաշտին մէջ համակիրներուն ներկայութեան հարցը: Պիտի փորձուի համաձայնութեան եզր մը գտնել, որպէսզի դաշտերուն թրիպիւններուն վրայ ոչ մարզավայել արարքներ կամ խուլիկանութիւններ տեղի չունենան: Անոր հիման վրայ, պիտի դիմուի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Մութթահետ – ՀՄԸՄ` 92-85

Երէկուան մրցումէն Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Թրիփոլիի Սաֆատի մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Մութթահետ - ՀՄԸՄ ճակատումը: Բաւական արագ եւ թրիփոյնթ-երով հարուստ այս մրցումը աւարտեցաւ հիւսիսեան կազմին յաղթանակով` 92-85 արդիւնքով (24-23, 37-41, 61-62 եւ 92-85): Նկատելի դարձաւ, որ այս ճակատումին ընթացքին կէտերու յարաբերակցութիւնը մի՛շտ եղաւ իրարու մօտ, բացի վերջին հինգ վայրկեանէն,...

«Չեմփիընզ Լիկ». Ա. Էս. Ռոմա Եւ Կենք Դուրս Մնացին Մրցաշարքէն

Ռէալ Մատրիտի յաղթական մարզիկները Երթին իր արձանագրած յաղթանակին նման, երէկ գիշեր, Ռէալ Մատրիտ դարձեալ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ա. Էս. Ռոման, «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ: Սանթիակօ Պեռնապէօ մարզադաշտին մէջ, 70 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Ռէալ Մատրիտի 2 անպատասխան կոլերը նշանակեցին` Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (64-րդ) եւ Խեմես Ռոտրիկեզ (68-րդ): Ա. Էս. Ռոմայի նման, մրցաշարքէն դուրս մնաց նաեւ...

Ռոպերթ Արզումանեան Որոշեց Իր Ելոյթները Աւարտել Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականին Հետ

«Նիուզ» կայքին համաձայն, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Շախտիոր Քարաքանտայի յետսապահ Ռոպերթ Արզումանեան, որոշեց աւարտել իր ելոյթները Հայաստանի հաւաքականին հետ: «Բաւական մտածելէ ետք որոշեցի վերջ մը դնել Հայաստանի կազմին հետ միջազգային ասպարէզիս: Թէեւ չէի ուզեր այս նիւթին մասին խօսիլ, բայց նկատի ունենալով խմբակիցներուս հասցէին ուղղուած անհիմն մեղադրանքները, որոշեցի հաւաքականին հետ ելոյթներս աւարտել: «Մեծ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ, անխտիր բոլոր համակիրներուն, 11...

Ըմբշամարտ. Հայաստան 12 Մարզիկով Կը Մասնակցի Եւրոպայի Ախոյեանութեան

Երէկ` երեքշաբթի, 8 մարտին, Լաթվիոյ մայրաքաղաք Ռիկայի մէջ սկիզբ առաւ Եւրոպայի ըմբշամարտի ախոյեանութիւնը, որուն ընթացքին Հայաստանը կը ներկայացնեն ազատ ոճի ըմբշամարտի 5 եւ յունահռոմէական ոճի 7 մարզիկներ, կը յայտնէ ArmSport.am-ը: Ազատ ոճի ըմբիշները երէկ սկսան ախոյեանութեան, մինչ յունահռոմէական ոճի ըմբիշները պայքարը կը սկսին 12 մարտին: Հայաստանի հաւաքականին գլխաւոր մարզիչ Արայիկ Բաղդադեան, երէկ, Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքին տուած հարցազրոյցին...

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ.  Շաբաթավերջի Մինի Ֆութպոլի  Եւ Պասքեթպոլի Մրցումներուն  Բարեփոխուած Յայտագիրը

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքները Եւ Յայտագիրը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած պասքեթպոլի մրցումները տեղի ունեցան կիրակի, 6 մարտ 2016-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: ԿԻՐԱԿԻ, 6 ՄԱՐՏ, 2016` ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ 1998-1999 Տղաք Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճ - Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան 26-44 Մրցումի լաւագոյն մարզիկ` Վարագ Քէօշէեան (Յառաջ) 2001-2002-2003 Աղջիկներ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան - Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան վարժարան 52-05 Մրցումի...

Գէորգ Գասպարով. «Չհրաւիրուելու Պատճառները Յայտնի Չեն»

4-6 մարտին Հայաստանի ազգային հաւաքականին մաս կազմող տեղացի ֆութպոլիստները մասնակցեցան մարզական հաւաքի մը: Հրաւիրուած ֆութպոլիստներուն ցանկին մէջ չկար Ալաշկերտի բերդապահ` Գէորգ Գասպարով: ArmSport.am-ին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, Գասպարով ըսաւ. «Տեղեակ չեմ, թէ ինչո՛ւ հաւաքական չհրաւիրուեցայ, թերեւս մարզիչը ուզեց փորձել այլ բերդապահներ: Ոեւէ մէկը ինծի հետ կապ չհաստատեց: «Թէեւ չեմ գիտեր ճշգրիտ պատճառը, բայց պիտի շարունակեմ իմ սովորական փորձերս մարզական...

Թենիս. Շարափովա Նեղ Կացութեան Մատնուած

Անցեալին աղջկանց թենիսի աշխարհի ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը գրաւած թենիսվումըն` ռուս Մարիա Շարափովա բաւական նեղ կացութեան մատնուեցաւ, երբ բացայայտուեցաւ, որ Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմ-ի միջազգային բաց մրցաշարքին (նախորդ յունուարին) ան արգիլեալ խթանիչ դեղեր գործածած է: Ներկայիս անորոշ է, թէ ան որքան ժամանակով պիտի կախակայուի, սակայն ան, չ՛ուզեր թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզը այս ձեւով աւարտել: Այս զարգացումին լոյսին տակ «Նայքի» հանրածանօթ...

Հայաստան – Պիելոռուսիա Մրցումին Տոմսերը Սկսան Ծախուիլ

25 մարտին, Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 19:00-ին, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցում մը, Հայաստանի ազգային հաւաքականին եւ Պիելոռուսիոյ միջեւ: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ արդէն իսկ տոմսերը հրապարակի վրայ են բոլոր անոնց համար, որոնք կը փափաքին տոմս գնել: Կը նշուի, որ եթէ Հայաստան - Ալպանիա (հոկտեմբեր 2015) տոմսերուն գինը կը տարուբերէր...

Մխիթարեանի Առաջին Մրցումը` Փարսէնի Հետ

Մխիթարեանի Առաջին Մրցումը` Փարսէնի Հետ

  Իրանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 29-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Թեհրանի Փարսէն խումբը, Կիլանի Դամալի դաշտին վրայ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց: Իր արձանագրած այս ճերմակ հաւասարութենէն ետք, այժմ Փարսէն, 32 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 15-րդ դիրքը: Այսպիսով, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին նախկին միջնապահ, Համլետ Մխիթարեան, իբրեւ մարզիչ, իր առաջին մրցումը կատարեց Փարսէնի հետ:  

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր ՀՄԸՄ Հիւրը Պիտի Ըլլայ Մութթահետ Թրիփոլիին

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր ՀՄԸՄ Հիւրը Պիտի Ըլլայ Մութթահետ Թրիփոլիին

ՀՄԸՄ-ի կազմը` իր արձանագրած վերջին յաղթանակին PROFOTO Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 5-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 8 մարտին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը կը մեկնի հիւսիս, ուր հիւրը կ՛ըլլայ Մութթահետ Թրիփոլիի: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ «Սաֆատի» մարզահամալիրին մէջ: Նկատի ունենալով, որ նախանցեալ օր Ռիատի իր արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ վերագրաւեց դասաւորման պարագլուխի դիրքը, ՀՄԸՄ-ի համար շատ...

Փրօ Արտօնագիրի Դասընթացքին Մասնակցող Մարզիչները Մեկնեցան Տորթմունտ

Երէկ` երկուշաբթի, 7 մարտին, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մարզական ՓՐՕ արտօնագիրի դասընթացքին մասնակցող 13 մարզիչները մեկնեցան Տորթմունտ (Գերմանիա), այդ մասին կը հաղորդէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Այդ 13 մարզիչներն են` Վարուժան Սուքիասեան (Հայաստանի ազգային հաւաքական, Արարատ), Կարէն Բարսեղեան (Հայաստանի 21 տարեկանէն վար հաւաքական, Արարատ), Արամ Ոսկանեան (Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքական, Բանանց), Արթուր Ոսկանեան (Հայաստանի 17 տարեկանէն վար հաւաքական, Բանանց),...

Ակումբներու Դասաւորման Մէջ.  Հայաստան 3 Դիրքի Ոստում Արձանագրեց

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Ռէալ Մատրիտ – Ա. Էս. Ռոմա Դարձի Մրցումը

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր եւ վաղը տեղի կ՛ունենան երկուքական ճակատումներ: 17 փերուարին Իտալիոյ մէջ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած Ռէալ Մատրիտ այսօր իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Ա. Էս. Ռոման: Կերըթ Պէյլ, որ նախորդ շաբաթավերջին վերադարձաւ ընդհանուր խումբ`  իր ստացած վնասուածքէն ապաքինելով, կը կարծուի, որ այսօր լաւ խաղարկութիւն մը կրնայ ունենալ: Թոնի Քրուս,...

Ալլեկրի Երկրորդ Անգամ Ըլլալով` Իտալիոյ Լաւագոյն Մարզիչը

Եուվենթուսի մարզիչ Մասիմիլիանօ Ալլեկրի երէկ ճանչցուեցաւ Իտալիոյ 2014-2015 տարեշրջանի ախոյեանութեան լաւագոյն մարզիչը: Այս ընտրութիւնը կատարեցին Իտալիոյ մարզիչները, յայտնեց իտալական ակումբին պաշտօնական կայքը: Նշենք, որ 48 տարեկան մասնագէտը երկրորդ անգամ ըլլալով կը տիրանայ այս տիտղոսին: Անոր կազմը 2014-2015 տարեշրջանին հանդիսացած էր Իտալիոյ ախոյեան:  

Հայրենի Կռփամարտիկները Հաւաքի Մը Պիտի Սկսին

Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ 9-20 մարտին, Հայաստանի կռփամարտի հաւաքականը, գլխաւոր մարզիչ Կարէն Աղամալեանի գլխաւորութեամբ, ուսումնական հաւաք մը պիտի կատարէ Ծաղկաձորի մէջ: Հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 29 մարզիկներ (ներառեալ` 4 աղջիկներ): Գլխաւոր մարզիչին պիտի օգնեն Արման Յարութիւնեան եւ աղջիկներու հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Յարութիւն Նազարեան: Նշենք, որ 7 ապրիլին Թուրքիոյ մէջ սկիզբ կ՛առնէ Եւրոպայի կռփամարտի ախոյեանութիւնը, որ վարկանշային...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Հակիրճ Ակնարկ` Շաբաթավերջին Տեղի Ունեցած Մրցումներուն

Եւրոպական Ֆութպոլ. Հակիրճ Ակնարկ` Շաբաթավերջին Տեղի Ունեցած Մրցումներուն

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն, պարագլուխի դիրքերուն վրայ գտնուող խումբերը յաղթանակներ արձանագրելով ամրապնդեցին իրենց դիրքերը: Անգլիոյ մէջ, Լայսթըր Սիթի 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ուաթֆորտի, ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` 5 կէտի առաւելութիւն մը ունենալով Թոթենհամի եւ Արսենալի վրայ, որոնք Լոնտոնի տերպիին հաւասարութիւն մը արձանագրեցին իրարու հետ: Մանչեսթըր Սիթի 4-0 արդիւնքով յաղթեց Ասթոն Վիլայի, մինչ Մանչեսթըր քաղաքի երկրորդ խումբը`...

«Էն. Պի. Էյ.». Ռոքեթց Եւ Լէյքըրզ` Յաղթական

Ճէյմզ Հարտեն «Էն. Պի. Էյ.»ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան բաւական հետաքրքրական ճակատումներ: Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզը, 112-95 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Կարեւոր յաղթանակով մը, Թորոնթոյէն վերադարձաւ Հիուսթըն Ռոքեթց, որ 113-107 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ռեփթըրզը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն     Ճէյմս Հարտեն նշանակեց 40 կէտ: Քեւին Տիւրընթ նշանակեց 32 կէտ, երբ անոր...

Page 1124 of 1276 1 … 1,123 1,124 1,125 … 1,276

Արխիւներ