
Հայ թենիսվումըն Անի Ամիրաղեան քննադատեց Հայաստանի թենիսի ֆետերասիոնին աշխատանքը:
«Դժբախտաբար, իրավիճակը բաւական բարդ է: Հայաստանի մէջ պէտք է ունենալ հովանաւոր, որ պէտք է օգնէ մարզիկին` լաւ արդիւնք արձանագրելու համար:
«Մեր մօտ լաւ ակումբներ կան, փորձերու մեծ սրահներ կան, բայց մեզ ոչ ոք կ՛օգնէ, որ մարզուինք: Շատ աշխատանքներ կան, որոնց վրայ ֆետերասիոնը պէտք է անպայման աշխատի:
«Ֆետերասիոնին նախագահը, որ դաշտի մը սեփականատէրն է, շատ հարուստ մարդ մըն է, որ չէ հետաքրքրուած թենիսով: Ապագացու մեծ թենիս խաղացողներ կրնանք ունենալ, բայց անոնք բոլորն ալ լքուած են», ըսաւ Ամիրաղեան` spaziotennis.com-ին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին:


