Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ բաւական զօրաւոր ճակատում մը, որուն ընթացքին երկրորդ դիրքը գրաւող ՀՄԸՄ հիւրընկալեց պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող ախոյեան Ռիատին:
Մրցումը եղաւ բաւական տաք` նկատի ունենալով, որ գրեթէ չորս քորթըրներն ալ ընթացան իրարու շատ մօտ արդիւնքով:
Մրցումին տեւողութեան ընթացքին Ռիատի 10 կէտի առաւելութիւն մը ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի վրայ (21-11), իսկ առիթով մըն ալ ՀՄԸՄ ինք ունեցաւ 7 կէտի առաւելութիւն մը (63-56):
Բայց եւ այնպէս, ՀՄԸՄ շնորհիւ իր զօրաւոր բանակին` համակիրներուն, յաղթեց Ռիատիին` 78-74 արդիւնքով (19-23, 36-33, 55-56 եւ 78-74):
ՀՄԸՄ, որ այսպիսով արձանագրեց իր 9-րդ յաղթանակը (3 պարտութեան կողքին), պարագլուխի դիրքը խլեց Ռիատիէն, որ կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը (9 յաղթանակի կողքին):

Այս յաղթանակը եղաւ առաջինը ՀՄԸՄ-ի մարզիչ Ճօ Մուժահեսի համար, Ա. դասակարգի մարզիչի իր ասպարէզին ընթացքին: Իր կարգին, Ահմետ Իպրահիմ արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` իր նախկին ակումբին դէմ:
ՀՄԸՄ ձեռք ձգեց 44 ռիպաունտ, մինչ Ռիատի` դարձեալ 44:
Ռիատիի թըրն օվըրները եղան` 21, իսկ ՀՄԸՄ-ինները` 15:
ՀՄԸՄ 28 թրի փոյնթերէն 9-ը հասցուց իր նպատակին (32 տոկոսը), մինչ Ռիատի` 29-էն 7-ը (24 տոկոսը):
Նշենք, որ այս մրցումը տեւեց 1 ժամ 39 վայրկեան:
Օրուան իրաւարարներն էին` Ռապպահ Նըժէյմ, Փոլ Սքայեմ եւ Քլոտ Ապի Ժըպրայել:
Նշենք, որ այս հանգրուանը կ՛աւարտի այսօր, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, երբ Ժիպէյլի մէջ Պիպլոս կը հիւրընկալէ Սաժեսը:
Ստորեւ` ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն նշանակած կէտերը եւ դաշտ ներկայացած ժամանակը.
Նորվել Փել (39′ 06″, 9 կէտ, 14 ռիպաունտ), Նատիմ Սուէյտ (28′ 11″, 6 կէտ, 8 ռիպաունտ, 1 թրի փոյնթ), Ճասթին Թապզ (28′ 39″, 18 կէտ, 5 ռիպաունտ, 2 թրի փոյնթ), Ահմետ Իպրահիմ (37′ 05″, 22 կէտ, 3 ռիպաունտ, 2 թրի փոյնթ), Սեւակ Քեթենճեան (11′ 21″, 2 կէտ, 1 ռիպաունտ), Պիլալ Թապպարա (14′ 44″, 3 կէտ, 3 ռիպաունտ, 1 թրի փոյնթ), Պատիհ Սուէյտ (1′ 57″) եւ Տուայն Ճեքսըն (38′ 57″, 18 կէտ, 10 ռիպաունտ, 3 թրի փոյնթ):
Ինչ կը վերաբերի Ռիատիի նշանակած կէտերուն, Ֆատի Խաթիպ, որ դաշտ ներկայացաւ 35 վայրկեան, նշանակեց 19 կէտ, 8 ռիպաունտ, 5 թրի փոյնթ, Քրիս Տանիելզ` 35′ 00″, 19 կէտ, 19 ռիպաունտ, 2 թրի փոյնթ, իսկ Աարոն Հարփըր` 10 կէտ, 1 թրի փոյնթ: