
Նախորդ շաբաթավերջին սկսան Ուքրանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան դարձի մրցումները, երբ տեղի ունեցան 17-րդ հանգրուանի հանդիպումները:
Սթալ Տնիփրոզերզինսքի իր դաշտին վրայ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Օլեքսանտրիայի հետ:
Սթալի հետ իրենց առաջին մրցումը կատարեցին եւ Ուքրանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մէջ իրենց նորամուտը նշեցին Գոռ եւ Էտկար Մալաքեան եղբայրները:
Էտկար Մալաքեան իր մասնակցութիւնը բերաւ ամբողջ մրցումին, մինչ Գոռ Մալաքեան փոխարինուեցաւ 74-րդ վայրկեանին:
Սթալ այժմ կը գրաւէ 8-րդ դիրքը` 17 կէտով:
Պարագլուխի դիրքը 46 կէտով կը գրաւէ Տինամօ Քիեւ:


