Ուրուկուէյի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ Պարսելոնայի յառաջապահ Լուիս Սուարեզի կախակայումը աւարտեցաւ:
2014-ի Մոնտիալին իտալացի Ճիորճիօ Քիելինիի ուսը խածած ըլլալուն համար Սուարեզ 9 մրցումով կախակայուած էր Ուրուկուէյի հետ:
Այժմ Սուարեզ հրաւէր ստացած է իր մասնակցութիւնը բերելու Պրազիլի եւ Փերուի դէմ տեղի ունենալիք 2018-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն: