
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան երթի մրցումները աւարտեցան երէկ` կիրակի, 6 մարտին, երբ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ սպասուած գագաթի ճակատումը:
Երկու խումբերը իրենց այս մրցումը սկսան վեցական յաղթանակով:
Անպայման խումբ մը պիտի կրէր տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը եւ ատիկա դժբախտաբար բաժին ինկաւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի, որ 70-68 արդիւնքով (20-15, 13-17, 20-21 եւ 15-17) պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն:
Եթէ դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի մարզիկները եղան տիրական ներկայութիւն, անդին մարզադաշտին թրիպիւնները ամբողջութեամբ լեցուցած ՀՄԸՄ-ի համակիրները, ընկերակցութեամբ` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, նեցուկ կանգնեցան իրենց կազմին եւ անընդհատ քաջալերեցին ՀՄԸՄ-ի հնգեակը:
Երէկուան այս մրցումին ՀՄԸՄ-ի կէտերը նշանակեցին.
Այտա Պախոս (21 կէտ), Նաթալի Սվաճեան (11), Սարին Օհանեան (10), Լէյլա Ֆարես (9), Սանտրա Նաժըմ (7), Ճոյս Սալիպա (6) եւ Մեղրի Թորոսեան (4):