
Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-սիքս»-ի վերջին հանգրուանի մրցումները տեղի ունեցան երէկ` կիրակի, 6 մարտին:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը, որ իր վերջին մրցումը կատարեց Սատաքայի դաշտին վրայ, 7-6 արդիւնքով յաղթեց Ամալ Պիքֆայայի:
Սակայն, հակառակ իր արձանագրած այս յաղթանակին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ չկրցաւ գրաւել խմբակին երկրորդ դիրքը եւ երրորդ դիրքը գրաւելով չկրցաւ փլէյ-օֆի մրցումներուն տոմս մը ապահովել:
Հըրրիէ, որ 5-4 արդիւնքով պարտուեցաւ Հալուսիէէն, գրաւեց 2-րդ դիրքը եւ այժմ փլէյ-օֆի մրցում մը պիտի կատարէ Քալամունի հետ, որ գրաւեց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ դիրքը: Յաղթականը յառաջիկայ տարեշրջանին ելոյթ պիտի ունենայ Ա. դասակարգին մէջ:
Ինչ կը վերաբերի Հալուսիէի, անիկա հանդիսացաւ Բ. դասակարգի ախոյեան եւ բնականաբար բարձրացաւ Ա. դասակարգ` ստանալով իր տիտղոսը Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի անդամ Համբիկ Միսաքեանէն:
Սակայն գնահատանքի մեծ խօսքը կ՛երթայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի եւ Պէյրութի մասնաճիւղերու ֆութսալի զոյգ խումբերուն, որոնք տարեշրջանի մը ընթացքին յաջողեցան զօրաւոր կազմ մը մէջտեղ բերել եւ պայքարիլ իրենցմէ շատ աւելի զօրաւոր եւ փորձառու նկատուող կազմերու դէմ:
Վարձքը կատար բոլորին` մարզիչներուն մարզիկներուն, պատասխանատուներուն եւ անշուշտ համակիրներուն: