«Պի. Պի. Սի. ՍՓՈՐԹ» կը հաղորդէ, որ անգլիական Լիվըրփուլի ֆութպոլիստները «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցանիշ մը հաստատեցին մրցումին երկարաձգուած ժամանակին` իրենց արձանագրած յաղթանակներուն թիւով:
Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 29-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Եիւրկըն Քլոփի խումբը մրցումին կորսուած վայրկեաններուն 2-1 արդիւնքով յաղթեց Քրիսթալ Փալասին:
Այսպիսով, Լիվըրփուլ նմանօրինակ յաղթանակ մը արձանագրեց 28-րդ անգամ ըլլալով, ինչ որ մրցանիշ մըն է: