Մարզական

Կռփամարտ. Աղջկանց Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Անուշ Գրիգորեան Հասաւ 1-8-րդ Հանգրուան

  Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ կը շարունակուի կռփամարտի աղջկանց աշխարհի ախոյեանութիւնը: Հայաստանը ներկայացնող Անուշ Գրիգորեան, որ հասաւ 1-8-րդ հանգրուան, կը մրցի Ֆրանսան ներկայացնող Սարա Ուրահմունի դէմ` 51 քկ դասակարգին մէջ, կը յայտնէ Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ֆրանսացի 34 տարեկան մարզիկը 2008-ի աշխարհի ախոյեանութեան արծաթէ մետալակիր է, 2007-ի` Եւրոպայի պրոնզէ մետալակիր, իսկ 2011-ի` արծաթէ մետալակիր: Նշենք, որ Գրիգորեան պայքարը սկսաւ...

Հայկական Ֆութպոլ. Ալաշկերտ Հայաստանի Ախոյեան` Առաջին Անգամ Ըլլալով

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած 27-րդ հանգրուանի մրցումներով աւարտեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի 24-րդ ախոյեանութիւնը: Ալաշկերտ, որ հիւրը եղաւ Միքային, 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով հանդիսացաւ Հայաստանի ախոյեան, իր կարճ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով: Շիրակ Գիւմրի, որ նախավերջին հանգրուանին արդէն իսկ ապահոված էր փոխախոյեանի տիտղոսը, 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Արարատի նկատմամբ: Փիւնիկ գրաւեց երրորդ դիրքը` 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք...

Հայկական Ֆութպոլ. Հայաստանի Ազգային Հաւաքական Հրաւիրուած 24 Ֆութպոլիստներուն Ցանկը

Ինչպէս ծանօթ է, 30 մայիսին եւ 2 յունիսին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Լոս Անճելըսի մէջ պիտի կատարէ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական երկու մրցում` յաջորդաբար մրցելով Կուաթեմալայի եւ Սալվատորի դէմ: Հայաստանի ազգային հաւաքականը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը 24 մայիսին Միացեալ Նահանգներ կը մեկնին Երեւան-Տոհա-Լոս Անճելըս օդանաւով, յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարուժան Սուքիասեան այդ երկու...

«Էն. Պի. Էյ.». Քլիվլենտ Պարտուեցաւ Երրորդ Մրցումին

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Արեւելեան շրջանի աւարտական երրորդ ճակատումին, Թորոնթօ Ռեփթըրզ իր դաշտին վրայ 99-84 արդիւնքով յաղթեց Քլիվլենտ Քաւալիրզին: Նշենք, որ առաջին երկու մրցումներուն Քաւալիրզ ինքն էր, որ յաղթանակ արձանագրեց: Ռեփթըրզի մարզիկներէն Տեմար Տէ Ռոզա նշանակեց 32 կէտ, մինչ Լեպրըն Ճէյմս (Քաւալիրզ)` 24 կէտ: Ինչ կը վերաբերի Արեւմտեան շրջանի աւարտականին, Օքլահոմա Սիթի, որ 133-105 արդիւնքով յաղթեց Կոլտըն...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը

- Սաժես - Մութթահետ` 3-3 Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումներէն մէկը, որ իրարու դէմ հանեց Ռիատին եւ ՀՄԸՄ-ը, հասաւ իր աւարտին` նկատի ունենալով, որ Ռիատի 4-2 արդիւնքով գերազանցելով ՀՄԸՄ-ը, ապահովեց աւարտականի իր տոմսը: Երկու կազմերուն միջեւ վեցերորդ ճակատումը, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ, 21 մայիսին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, աւարտեցաւ Ռիատիի յաղթանակով` 85-65...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Աղջկանց Աւարտականի Երեք Մրցումներուն Յայտագիրը Հրապարակուեցաւ

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը նախորդ շաբաթավերջին հրապարակեց Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտականի երեք մրցումներուն յայտագիրը: Վերջին երկու մրցումներուն յայտագիրը պիտի հրապարակուի աւելի ուշ: Նշենք, որ հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կը հանդիսանայ Լիբանանի ախոյեան: Ռիատի Պէյրութ-ՀՄԸՄ Անթիլիաս առաջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի, 24 մայիսին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, Մանարայի դաշտին վրայ: Երկրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի 26...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Բաժակի Մրցաշարքեր

Եւրոպական Ֆութպոլ. Բաժակի Մրցաշարքեր

- Եուվենթուս, Պայէրն Միւնիխ, Պարսելոնա Եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն Տուպլէ Մը Իրագործեցին - Մանչեսթըր Եունայթըտ` Բաժակակիր Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան եւրոպական ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքերուն աւարտական ճակատումները, որոնց ընթացքին իրենց երկիրներու ախոյեան հանդիսացողները` Եուվենթուս, Պայէրն Միւնիխ, Պարսելոնա եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն, տիտղոսին տիրանալով տուպլէներ իրագործեցին: Եուվենթուսի յաղթական մարզիկները Եուվենթուս յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով տուպլէ մը իրագործեց, երբ երկարաձգման ընթացքին 1-0 արդիւնքով...

Թեքուանտօ. Սերկէյ Վարդազարեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Նախորդ շաբաթավերջին Մոնրոյի մէջ (Զուիցերիա) սկսաւ Եւրոպայի թեքուանտոյի ախոյեանութիւնը: Հայաստանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը տեղեկացուց, որ 68 քկ դասակարգի մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Սերկէյ Վարդազարեան բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրելով եւ յաղթելով` Իտալիայի, թուրք եւ ազրպէյճանցի իր մրցակիցներուն, տիրացաւ պրոնզ մետալին: Նշուեցաւ նաեւ, որ անոր անձնական մարզիչն է Արսէն Աւետիսեան:

ՀՄԸՄ – ԼԵՎԱՄ.   2015-2016  Տարեշրջանի Փակում

ՀՄԸՄ – ԼԵՎԱՄ. 2015-2016 Տարեշրջանի Փակում

Երէկ` կիրակի, 22 մայիսին տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ-ի 2015-2016 տարեշրջանի եզրափակիչ հանգրուանը: Տեղի ունեցան աւարտական 3 մրցումները, ապա մրցանակաբաշխութիւնը եւ փակումը` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: Մանրամասնութիւնները` յաջորդիւ:  

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «Ֆայնըլ ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Շապապ Արապի երրորդ մրցումը: ՀՄԸՄ, որ առաջին երկու մրցումներուն յաղթանակ արձանագրած էր (53-29 եւ 65-43), երէկ իր երրորդ յաղթանակը արձանագրելով 57-35 արդիւնքով (16-10, 30-14, 43-20 եւ 57-35), 3-0 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցը եւ ապահովեց աւարտականի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Բացառիկ Մրցում Մը Ներկայացուց, Բայց Պարտուեցաւ Ռիատիէն

Այսօր` Վեցերորդ Մրցումը Երէկուան մրցումէն PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան Մանարայի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Ռիատի-ՀՄԸՄ հինգերորդ ճակատումը: ՀՄԸՄ-Ի մարզիկները այս մրցումին յաջողեցան բացառիկ ու սքանչելի ներկայացում մը ցուցադրել եւ նեղ կացութեան մատնել դաշտին տէրը: Սակայն վերջնական յաղթանակը տարաւ Ռիատի` 87-81 արդիւնքով (20-24, 47-45, 68-59 եւ 87-81): ՀՄԸՄ առիթով մը 7...

Փինկ Փոնկ.  Ժամհուր Կը Կազմակերպէ Փաթրիք Ասսաֆի Անուան 11-րդ Մրցաշարքը

Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Խմբային Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութի Աղջիկները Հանդիսացան Երրորդ

Լիբանանի փինկ փոնկի աղջկանց Ա. դասակարգի խմբային ախոյեանութեան մրցումներուն, որոնք տեղի կ՛ունենան Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ), ՀՄԸՄ Պէյրութի աղջիկները 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմայի, ախոյեանութիւնը աւարտեցին երրորդ դիրքին վրայ: Ինչ կը վերաբերի տղոց մրցումներուն, որոնք ցարդ չեն աւարտած, ՀՄԸՄ Պէյրութի տղաքը 3-2 արդիւնքով յաղթեցին Մոն Լա Սալին: Այս մրցումին ՀՄԸՄ-ի երիտասարդ մարզիկ Արտակ Ասատուրեան, որ մասնակցեցաւ...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը.  Վաղը` Ինթեր Միլան – Լացիօ Ռոմա. Գերմանիոյ Եւ Ֆրանսայի Մէջ` Երթի Վերջին Հանգրուանի Մրցումները

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջին Տեղի Կ՛ունենան Բաժակի Մրցաշարքերու Աւարտական 5 Ճակատումներ

Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցան եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ յստակացան ախոյեանները, Բ. դասակարգ փոխադրուողները, ինչպէս նաեւ «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի եւ «Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքերուն մասնակցողները: Այս շաբաթավերջին կ՛աւարտին նաեւ բաժակի մրցաշարքերը, երբ տեղի կ՛ունենան աւարտական ճակատումները: Ստորեւ` մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը Պէյրութի ժամանակացոյցով): ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ Ա. Սէ. Միլան-Եուվենթուս (Իտալիա) 21:45 Պայէրն Միւնիխ-Պորուսիա Տորթմունտ (Գերմանիա) 21:00 Մարսէյ-Փարիզ Սեն...

«Էն. Պի. Էյ.». Քլիվլենտ – Ռեփթըրզ` 2-0

«Էն. Պի.Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Արեւելեան շրջանի երկրորդ ճակատումը` Քլիվլենտ Քաւալիրզի եւ Թորոնթօ Ռեփթըրզի միջեւ: Առաջին մրցումին նման Քաւալիրզ դարձեալ յաղթական  դուրս եկաւ այս ճակատումէն, այս անգամ` 108-89 արդիւնքով: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քերի Ըրվինկ նշանակեց 26 կէտ, մինչ Ռեփթըրզի մաս կազմող Տեմար Տերոզա` 22 կէտ:

Աթլեթիքօ Մատրիտ Երկարաձգեց Թիակոյի Պայմանագրութիւնը

Աթլեթիքօ Մատրիտի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ ակումբը բաւական գոհ մնալով իր փորթուգալցի միջնապահ Թիակօ Մենտեշէն, երկարաձգեց անոր պայմանագրութիւնը: Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահը այս տարեշրջանին մասնակցեցաւ միայն 14 մրցումի (վիրաւոր ըլլալուն պատճառով) եւ նշանակեց կոլ մը:

Ժինոլա Փոխադրուեցաւ Հիւանդանոց` Սրտի Կաթուած Ունենալէ Ետք

Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին միջնապահ Տաւիտ Ժինոլա Նիսի մէջ (Ֆրանսա) տեղի ունեցող կոլֆի մրցաշարքի մը ընթացքին սրտի կաթուած ունեցած է, յայտնեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: 49 տարեկան ֆրանսացին ուղղաթիռով անմիջապէս փոխադրուած է Մոնաքոյի հիւանդանոցներէն մէկը` յատուկ քննութիւններու ենթարկուելու համար: Երէկուան լուրերուն համաձայն, թէեւ ան գիտակցութեան եկած չէ, բայց ունի կայուն վիճակ, յայտնեցին բժիշկները: Ֆրանսացի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ 17 միջազգային...

Նշմար. Այսօրուան Յաղթանակը Անկիւնադարձային Կրնայ Ըլլալ ՀՄԸՄ-ի Պասքեթպոլի Տղոց Խումբին Համար

ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանին նախօրեակին, շատեր իրենց դժգոհութիւնը յայտնեցին եւ անընդունելի գտան երեք օտարականով մրցելու գաղափարը: Սակայն այն, ինչ որ կը վկայեն լիբանանեան պասքեթպոլի դաշտերը` այս տարեշրջանին, ամբողջութեամբ հակապատկերն է այդ մտահոգութիւններուն: Խումբերուն մակարդակը զգալիօրէն բարձրացած է եւ գրեթէ բոլոր կազմերն ալ կը նկատուին իրարու համահաւասար: Եթէ նախորդ տարիներուն Ռիատի Պէյրութ հանգիստ քայլերով կ՛ուղղուէր...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` Ռիատի – ՀՄԸՄ Հինգերորդ Ճակատումը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Ռիատի – ՀՄԸՄ Հինգերորդ Ճակատումը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 20 մայիսին, երեկոյեան ժամը 17:45-ին, Մանարայի դաշտին վրայ տեղի կ՛ունենայ Ռիատի - ՀՄԸՄ հինգերորդ ճակատումը: Ինչպէս ծանօթ է, եօթը մրցումէ չորս յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ աւարտականի իր տոմսը: Այս երկու խումբերն ալ արձանագրած են երկուքական յաղթանակ, հետեւաբար արդիւնքը կ՛ընթանայ 2-2 հաւասարութեամբ: Առաջին մրցումին ՀՄԸՄ յաղթեց, ապա Ռիատի արձանագրեց...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Շապապ Արապի

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 20 մայիսին, տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս - Շապապ Արապի երրորդ մրցումը: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: Ինչպէս ծանօթ է, իր արձանագրած երկու յաղթանակներուն շնորհիւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս քայլ մը միայն հեռու է աւարտականին...

Կռփամարտ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Հայ Մարզիկներուն Մրցակիցները` Ուքրանիայէն

Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ տեղի ունեցաւ աշխարհի աղջկանց կռփամարտի ախոյեանութեան կշռուելու արարողութիւնը եւ վիճակահանութիւնը, յայտնեց Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը: Հայաստանի երկու ներկայացուցիչները` Անուշ Գրիգորեան (51 քկ) եւ Աշխէն Յովհաննիսեան (60 քկ), երբ 1-32րդ հանգրուանին մրցասպարէզ դուրս պիտի գան, իրենց դէմ պիտի ունենան ուքրանացի մարզիկներ: Կ՛ակնկալուի, որ հայրենի կռփամարտիկները արձանագրեն տպաւորիչ արդիւնքներ:

Page 1102 of 1276 1 … 1,101 1,102 1,103 … 1,276

Արխիւներ