Նախորդ շաբաթավերջին Մոնրոյի մէջ (Զուիցերիա) սկսաւ Եւրոպայի թեքուանտոյի ախոյեանութիւնը:
Հայաստանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը տեղեկացուց, որ 68 քկ դասակարգի մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Սերկէյ Վարդազարեան բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրելով եւ յաղթելով` Իտալիայի, թուրք եւ ազրպէյճանցի իր մրցակիցներուն, տիրացաւ պրոնզ մետալին:
Նշուեցաւ նաեւ, որ անոր անձնական մարզիչն է Արսէն Աւետիսեան: