– Սաժես – Մութթահետ` 3-3
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումներէն մէկը, որ իրարու դէմ հանեց Ռիատին եւ ՀՄԸՄ-ը, հասաւ իր աւարտին` նկատի ունենալով, որ Ռիատի 4-2 արդիւնքով գերազանցելով ՀՄԸՄ-ը, ապահովեց աւարտականի իր տոմսը:
Երկու կազմերուն միջեւ վեցերորդ ճակատումը, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ, 21 մայիսին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, աւարտեցաւ Ռիատիի յաղթանակով` 85-65 արդիւնքով (16-12, 31-40, 48-63 եւ 65-85):
Այս վեցերորդ մրցումին, թէեւ ՀՄԸՄ բաւական լաւ ձեւով սկսաւ խաղալու, սակայն Ռիատի հետզհետէ սկսաւ ինք առնել մրցումին ղեկը եւ կէտերու տարբերութիւնը բարձրացնել ու առիթով մը զայն հասցնել 21-ի (77-56): ՀՄԸՄ մրցումին սկիզբը ունեցաւ 10 կէտի առաւելութիւն մը (12-2):
Սակայն ուշագրաւ եղաւ այն, որ Ռիատիի մարզիկները աւելի լաւ կը տիրապետէին թրի փոյնթերուն, որովհետեւ 29-էն 11-ը հասցուցին իրենց նպատակին (37,9 տոկոս), մինչ ՀՄԸՄ` 30-էն 7-ը (23,3 տոկոս):
Ինչ կը վերաբերի ռիպաունտներուն, ՀՄԸՄ ձեռք ձգեց 36, մինչ Ռիատի 43 ռիպաունտ:
ՀՄԸՄ-ի թըրն-օվըրները եղան 14, մինչ Ռիատիինները` 16:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկները կատարեցին 13 էսիսթ, մինչ Ռիատի` 22:
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Տուայն Ճեքսըն` 24 (ներառեալ` 2 թրի փոյնթ եւ 5 ռիպաունտ), ապա` Քեւին Կալըուէյ (11 կէտ, 10 ռիպաունտ), Նետիմ Սուէյտ (9 կէտ, 3 թրի փոյնթ), Նորվել Փել (8 կէտ, 6 ռիպաունտ), Ահմետ Իպրահիմ (8 կէտ) եւ Պիլալ Թապպարա (5 կէտ):
Ռիատիէն ամէնէն շատ կէտ նշանակեց Աարոն Հարփըր (30, ներառեալ` 5 թրի փոյնթ), ապա` Ժահմար Եանկ (17 կէտ):
Օրուան իրաւարարներն էին` Ռապպահ Նըժէյմ, Ատել Խուէյրի եւ Փօլ Սքայեմ:
Մրցումը տեւեց 1 ժամ 35 վայրկեան:
Իր կրած այս պարտութենէն ետք ՀՄԸՄ բնականաբար դուրս մնաց` չկարենալով ապահովել աւարտականի իր տոմսը:
Բայց ՀՄԸՄ-ի կազմին արձանագրած այս արդիւնքը կարելի է նկատել գերգնահատելի` նկատի ունենալով որ ՀՄԸՄ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի պատմութեան մէջ ցարդ չէր յաջողած հասնիլ այս հանգրուանին իր տպաւորիչ մրցումներով, որոնք մեծ անդրադարձ գտան նաեւ տեղական լրատուամիջոցներուն մէջ` արժանանալով մեծ գնահատանքի:
Այժմ, ՀՄԸՄ-ի համար 2015-2016 տարեշրջանը աւարտեցաւ:
Վարձքը կատա՛ր բոլորին անխտիր` յաջորդ տարեշրջանին նորանոր յաջողութիւններ արձանագրելու ակնկալիքով:
Ինչ կը վերաբերի «ֆայնըլ-ֆոր»-ի երկրորդ ճակատումին, այժմ Սաժեսի եւ Մութթահետի միջեւ ճակատումը կ՛ընթանայ 3-3 հաւասարութեամբ:
Նախանցեալ օր երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած վեցերորդ ճակատումը աւարտեցաւ ի նպաստ Մութթահետի` 78-69 արդիւնքով:
Այստեղ պէտք է նշել, որ Մութթահետ Սաժեսին յաղթեց 2 օտարականով` նկատի ունենալով, որ Մայք Թէյլըր վիրաւոր էր:
Սաժեսէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Թերել Սթոկլին (31), իսկ Մութթահետէն` Ռամել Քըրի (29):
Եօթներորդ եւ ճակատագրական ճակատումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` գիշերուան ժամը 22:30-ին, Թրիփոլիի մէջ: