Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 20 մայիսին, տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Շապապ Արապի երրորդ մրցումը:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
Ինչպէս ծանօթ է, իր արձանագրած երկու յաղթանակներուն շնորհիւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս քայլ մը միայն հեռու է աւարտականին հասնելէ:
Այսօր, իրենց երրորդ յաղթանակը արձանագրելու պարագային, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները պիտի ապահովեն աւարտականի իրենց տոմսը, ուր կը մրցին Ռիատի Պէյրութի դէմ:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիր եւ քաջալերել ՀՄԸՄ-ի հնգեակը: