Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 20 մայիսին, երեկոյեան ժամը 17:45-ին, Մանարայի դաշտին վրայ տեղի կ՛ունենայ Ռիատի – ՀՄԸՄ հինգերորդ ճակատումը:
Ինչպէս ծանօթ է, եօթը մրցումէ չորս յաղթանակ արձանագրող խումբը կ՛ապահովէ աւարտականի իր տոմսը:
Այս երկու խումբերն ալ արձանագրած են երկուքական յաղթանակ, հետեւաբար արդիւնքը կ՛ընթանայ 2-2 հաւասարութեամբ:
Առաջին մրցումին ՀՄԸՄ յաղթեց, ապա Ռիատի արձանագրեց երկու յաղթանակ, իսկ նախանցեալ օր` չորրորդ մրցումին, ՀՄԸՄ յաղթանակ մը արձանագրեց:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն համար անկարելի ոչինչ կայ Մանարայէն յաղթական վերադառնալու համար, որովհետեւ խումբը կը կիրարկէ բաւական լաւ խաղարկութիւն մը եւ ի վիճակի է այսօրուան այս մրցումէն յաղթական դուրս գալու:
Ամէնէն կարեւորը կէտեր նշանակելն է եւ կարելի եղածին չափ թըրն-օվըր չկատարելը` յաղթական վերադառնալու համար Մանարայէն:
Նշենք, որ երէկ երեկոյեան Մութթահետ Սաժեսին պարտադրեց վեցերորդ մրցումը, երբ իր դաշտին վրայ 69-63 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Իր կրած այս պարտութենէն ետք, Սաժես այժմ 3-2 արդիւնքով կը գերազանցէ Մութթահետը: