Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ տեղի ունեցաւ աշխարհի աղջկանց կռփամարտի ախոյեանութեան կշռուելու արարողութիւնը եւ վիճակահանութիւնը, յայտնեց Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը:
Հայաստանի երկու ներկայացուցիչները` Անուշ Գրիգորեան (51 քկ) եւ Աշխէն Յովհաննիսեան (60 քկ), երբ 1-32րդ հանգրուանին մրցասպարէզ դուրս պիտի գան, իրենց դէմ պիտի ունենան ուքրանացի մարզիկներ:
Կ՛ակնկալուի, որ հայրենի կռփամարտիկները արձանագրեն տպաւորիչ արդիւնքներ: