Մխիթարեանի Ապագան Քիչ Մը Անորոշ` Տորթմունտի Հետ
Պորուսիա Տորթմունտի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան գերմանական ակումին հետ իր պայմանագրութիւնը չերկարաձգելու երկու պատճառ ունի: Ինչպէս կը տեկեկացնէ «Պիլտ», 27 տարեկան ֆութպոլիստին գործակալը` Մինօ Ռայոլա, կ՛ուզէ, որ նոր պայմանագիրին մէջ նկատի առնուի հրաժարագինին վերաբերող կէտը, որուն սակայն համաձայն չեն Տորթմունտի պատասխանատուները: Երկրորդ պատճառը Չելսիէն եկած խելահեղ առաջարկն է: Նշենք, որ Տորթմունտի հետ Մխիթարեանի պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2017-ին:...





