Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը նախորդ շաբաթավերջին հրապարակեց Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտականի երեք մրցումներուն յայտագիրը: Վերջին երկու մրցումներուն յայտագիրը պիտի հրապարակուի աւելի ուշ:
Նշենք, որ հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կը հանդիսանայ Լիբանանի ախոյեան:
Ռիատի Պէյրութ-ՀՄԸՄ Անթիլիաս առաջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի, 24 մայիսին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, Մանարայի դաշտին վրայ:
Երկրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի 26 մայիսին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, «Աղբալեան ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
Իսկ երրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 28 մայիսին յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, Մանարայի մէջ: