Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Այսօրուան Յաղթանակը Անկիւնադարձային Կրնայ Ըլլալ ՀՄԸՄ-ի Պասքեթպոլի Տղոց Խումբին Համար

May 20, 2016
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

hmem-basket-

ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանին նախօրեակին, շատեր իրենց դժգոհութիւնը յայտնեցին եւ անընդունելի գտան երեք օտարականով մրցելու գաղափարը:

Սակայն այն, ինչ որ կը վկայեն լիբանանեան պասքեթպոլի դաշտերը` այս տարեշրջանին, ամբողջութեամբ հակապատկերն է այդ մտահոգութիւններուն:

Խումբերուն մակարդակը զգալիօրէն բարձրացած է եւ գրեթէ բոլոր կազմերն ալ կը նկատուին իրարու համահաւասար:

Եթէ նախորդ տարիներուն Ռիատի Պէյրութ հանգիստ քայլերով կ՛ուղղուէր աւարտական հանգրուան կամ կը տիրանար տիտղոսին, այժմ անիկա մատնուած է բաւական նեղ կացութեան եւ յայտնի չէ, թէ արդեօք պիտի կարենա՞յ հասնիլ աւարտականին:

Այժմ Ռիատին նեղ կացութեան մատնողը եւ անոր մղձաւանջը հանդիսացողը ուրիշ մէկը չէ, եթէ ոչ` ՀՄԸՄ-ը:

Նախքան «ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումներուն սկսիլը, շատեր այն կարծիքին էին, որ Ռիատի, եօթը մրցումէ չորս յաղթանակ արձանագրելով, դիւրութեամբ պիտի հասնի աւարտականին:

Նախանցեալ օր ՀՄԸՄ-ի արձանագրած յաղթանակէն ետք, Ռիատի այժմ մատնուած է անել կացութեան եւ չի գիտեր անկէ ինչպէ՛ս դուրս գալ:

Կարգ մը թերահաւատներ ըսին. «ֆայնըլ-ֆոր» հասանք, ատիկա արդէն իսկ կարեւոր իրագործում մըն է»:

Սակայն կը շեշտենք, որ այդ յաղթարշաւը պէտք է շարունակել եւ ինչու չէ նաեւ տիրանալ տիտղոսին:

Այսօրուան մրցումը թէեւ տեղի պիտի ունենայ Մանարայի մէջ, սակայն, արձանագրուելիք յաղթանակը անկիւնադարձային պիտի ըլլայ ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց խումբին համար, որովհետեւ եթէ ՀՄԸՄ 3-2 արդիւնքով գերազանցէ Ռիատին եւ վաղուան մրցումին եւս յաղթանակ մը արձանագրէ, մեծ քայլերով պիտի ուղղուի աւարտական հանգրուան:

Մարզական աշխարհին մէջ անկարելի ոչինչ կայ, մանաւանդ` ՀՄԸՄ-ի համար:

Կը սպասենք ՀՄԸՄ-ի տղոց այսօրուան յաղթանակին:

Յաջողութիւն կը մաղթենք ՀՄԸՄ-ի հնգեակին` մեծապէս վստահ ըլլալով, որ այսօր խումբը մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ իր համակիրներուն:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Ռիատի – ՀՄԸՄ Հինգերորդ Ճակատումը

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Պասքեթպոլ  Այսօր` Սանթրալ – ՀՄԸՄ
Մարզական

Պասքեթպոլ Այսօր` Սանթրալ – ՀՄԸՄ

October 30, 2026
«Էն. Պի. Էյ.»  Եոքիչ Իր 200-րդ  Թրիփըլ Տապըլը Իրագործեց
Մարզական

«Էն. Պի. Էյ.» Եոքիչ Իր 200-րդ Թրիփըլ Տապըլը Իրագործեց

October 30, 2026
Պատանեկան Ողիմպիականի Խաղերուն.  Հայաստանի Հաւաքականը Հինգ  Մարզիկներով Պիտի Մասնակցի
Մարզական

Պատանեկան Ողիմպիականի Խաղերուն. Հայաստանի Հաւաքականը Հինգ Մարզիկներով Պիտի Մասնակցի

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.