Այսօր` Վեցերորդ Մրցումը

PROFOTO
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան Մանարայի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Ռիատի-ՀՄԸՄ հինգերորդ ճակատումը:
ՀՄԸՄ-Ի մարզիկները այս մրցումին յաջողեցան բացառիկ ու սքանչելի ներկայացում մը ցուցադրել եւ նեղ կացութեան մատնել դաշտին տէրը:
Սակայն վերջնական յաղթանակը տարաւ Ռիատի` 87-81 արդիւնքով (20-24, 47-45, 68-59 եւ 87-81):
ՀՄԸՄ առիթով մը 7 կէտի առաւելութիւն մը ունեցաւ (29-22), մինչ Ռիատի` 13 կէտի առաւելութիւն մը (72-59):
Մրցումին վերջին վեց վայրկեանին Նորվել Փել չկրցաւ շարունակել մրցումը` իր կատարած հինգ ֆաուլերուն պատճառով:
Բնականաբար ասիկա որոշ չափով ազդեց ՀՄԸՄ-ի վրայ, սակայն մինչեւ մրցումին աւարտը ՀՄԸՄ-ի մարզիկները պայքարեցան յաղթանակ արձանագրելու համար:
Մրցումին եւ ՀՄԸՄ-ի ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ահմետ Իպրահիմ (25 կէտ, ներառեալ` 3 թրի-փոյնթ): Քեւին Կալըուէյ նշանակեց 22 կէտ, 11 ռիպաունտ (ներառեալ` 2 թրի փոյնթ), իսկ Տուայն Ճեքսըն` 18 կէտ (1 թրի փոյնթ):
ՀՄԸՄ ձեռք ձգեց 30 ռիպաունտ, մինչ Ռիատի` 43:
Այժմ Ռիատի 3-2 արդիւնքով կը գերազանցէ ՀՄԸՄ-ը:
Այսօր, յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի կ՛ունենայ վեցերորդ մրցումը:
ՀՄԸՄ ամէն գնով պէտք է յաղթէ պարտադրելու համար եօթներորդ եւ վերջին մրցումը:
Նշենք, որ այսօր, գիշերուան ժամը 22:00-ին, Ղազիրի իր դաշտին վրայ Սաժես կը հիւրընկալէ Մութթահետը: Այժմ Սաժես 3-2 արդիւնքով կը գերազանցէ Մութթահետը:


