Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Վահագն Դաւթեան` Եւրոպայի Ախոյեան

Զուիցերիոյ Պեռն քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի մարմնամարզութեան ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Հայաստանը ներկայացնող Վահագն Դաւթեան օղակներու մրցումներուն արձանագրելով տպաւորիչ արդիւնքներ եւ ապահովելով 15,633 կէտ, հռչակուեցաւ Եւրոպայի ախոյեան, այ մասին յայտնեց Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը: Իսկ նժոյգի մրցումներուն Յարութիւն Մերդինեան ապահովելով 15,366 կէտ, հռչակուեցաւ Եւրոպայի փոխախոյեան:

«Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Մատրիտ Տիրացաւ Տիտղոսին` Յաղթելէ Ետք Աթլեթիքօ Մատրիտին

Շաբաթ, 28 մայիսին, «Սան Սերօ» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտականի ճակատումը, որուն ընթացքին զուտ սպանական ճակատումի մը ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Ռէալ Մատրիտ եւ Աթլեթիքօ Մատրիտ: Ռէալ Մատրիտ 11-րդ անգամ ըլլալով (մրցանիշ մը) տիրացաւ տիտղոսին, երբ փենալթիներով` 5-3 արդիւնքով յաղթեց Աթլեթիքոյին: Նշենք, որ մրցումին 120 վայրկեանները աւարտեցան 1-1 արդիւնքով: Շուրջ 72 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան տեղի ունեցած...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Կիրակի, 29 Մայիսին Կը Սկսի Աղջկանց Բ. Դասակարգի Ախոյեանութիւնը

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանը կը սկսի կիրակի, 29 մայիսին, երբ տեղի կ՛ունենան չորս մրցումներ: ՀՄԸՄ Պէյրութ եւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ իրենց կարգին մրցումներ ունին կատարելիք` յաջորդաբար յետմիջօրէի ժամը 14:30-ին եւ 16:00-ին: Նշենք, որ Բ. դասակարգի ախոյեանութեան բոլոր մրցումներն ալ, տեղի պիտի ունենան ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ` Նաքքաշ: Ստորեւ` կիրակի, 29 մայիսին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.  ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Ռիատի Պէյրութ`52-58

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երկրորդ ճակատումը` ՀՄԸՄ-Անթիլիասի եւ Ռիատի Պէյրութի միջեւ, տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: ՀՄԸՄ, որ առաջին մրցումին 61-59 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր, երէկուան այս մրցումին 58-52 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն (20-15, 28-26, 36-49 եւ 52-58): Մինչեւ կիսախաղի աւարտը, ՀՄԸՄ լաւ ներկայացում մը...

Պասքեթպոլ. 12 Մարզիկներ Հրաւիրուեցան Լիբանանի Ազգային Խումբ

Արեւմտեան Ասիոյ տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան մասնակցող երկիրներուն կարգին է Լիբանան, որ պիտի փորձէ լաւ արդիւնքներ արձանագրել  այդ մրցաշարքին: Նշենք, որ նախանցեալ օր Լիբանան եկաւ ամերիկացի մարզիկ Կերոն Ճոնսըն (նախապէս` Լուէյզիի մարզիկ), որ մաս պիտի կազմէ Լիբանանի տղոց կազմին` լիբանանեան հպատակութիւն ստանալէ ետք: Լիբանանի մարզիչ Փաթրիք Սապայի կողմէ նկատի առնուած 14 մարզիկներուն կարգին են` ՀՄԸՄ-ի խումբէն Նետիմ Սուէյտ  եւ Ահմետ Իպրահիմ:...

Քոնկ Ֆու – Ուու Շու. Այնճարի Սեւ Գօտիներու Միութիւնը Հանդիսացաւ Երկրորդ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու-Ուու Շու-ի ֆետերասիոնին, Այնճարի Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպենկեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի Քոնկ Ֆու-Ուու Շուի, Լիբանանի Թաու Լուի ախոյեանութեան վերջին հանգրուանը` մասնակցութեամբ բազմաթիւ մարզիկներու, որոնք կը ներկայացնէին տարբեր ակումբներ: Այս մրցաշարքին ներկայ էին ֆետերասիոնին նախագահ Ժորժ Նսէյր, փոխնախագահ Ժաք Տաղլեան, մարզական պատասխանատուներ եւ մարզիկներուն ծնողներն ու ընտանեկան պարագաները: Մրցաշարքին ամբողջ տեւողութեան, մարզիկներուն միջեւ մարզական ոգին եղաւ քաջալերելի...

Թենիս. «Ռոլան Կարոս».  Յիշատակելի Անակնկալներ Չարձանագրուեցան

Թենիս. «Ռոլան Կարոս». Յիշատակելի Անակնկալներ Չարձանագրուեցան

Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Ռոլան կարոս»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի Բ. հանգրուանի մրցումներուն, յիշատակելի անակնկալներ չարձանագրուեցան, եւ բարձր դասուած մարզիկներն ալ յաղթանակներ արձանագրելով ապահովեցին Գ. հանգրուանի մրցումներուն իրենց տոմսերը: Սակայն քիչ մը դժուար պայքարէ մը ետք 2-րդ դասուած անգլիացի Էնտի Միւրէյ յաղթեց ֆրանսացի Մաթիաս Պուրկէի` 6-2, 2-6, 4-6, 6-2 եւ 6-3 արդիւնքով: Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցումներուն, իր...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի – Սաժես` 77-89

Այսօր` Երկրորդ Մրցումը PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի առաջին ճակատումին (ընդամէնը` եօթը մրցում), որ տեղի ունեցաւ նախանցեալ օր Մանարայի մէջ, Սաժես իր դաշտէն դուրս կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 89-77 արդիւնքով յաղթեց դաշտին տիրոջ` Ռիատիի: Այս առաջին մրցումին Սաժեսի օտարականները կերտեցին կանաչներուն յաղթանակը եւ տիրապետող եղան թրի փոյնթերուն մէջ: Տեմարիուս Պոլտծ նշանակեց 25 կէտ (5 թրի...

«Չեմփիընզ Լիկ». Վաղը` Ռէալ Մատրիտ-Աթլեթիքօ Մատրիտ

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական ճակատումը, որ պիտի ըլլայ զուտ սպանական, տեղի պիտի ունենայ վաղը շաբաթ, 28 մայիսին, Միլանօ քաղաքին մէջ: Այս ճակատումին իրարու դէմ պիտի մրցին Ռէալ Մատրիտ եւ Աթլեթիքօ Մատրիտ: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Յաղթեց Ռիատի Պէյրութին` Մանարայի Մէջ

Երէկուան մրցումէն Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի առաջին ճակատումը տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր, երբ Մանարայի իր դաշտին վրայ Ռիատի Պէյրութ հիւրընկալեց ՀՄԸՄ Անթիլիասը: Երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած այս ճակատումին, դաշտին տէրը թէեւ գրեթէ տիրապետեց մրցումին, սակայն այդ տիրապետութիւնը յաղթանակ չապահովեց անոր, որովհետեւ մրցումին աւարտէն քանի մը երկվայրկեան առաջ, ՀՄԸՄ-ի խմբապետ Նաթալի Սվաճեան, պազըր-պիթըրով մը կերտեց ՀՄԸՄ-ի...

Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէին Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայաստանի Դեսպանատուն

PROFOTO Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, երէկ կէսօրէ առաջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ ընդունեց Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին մէկ պատուիրակութիւնը: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, ընդհանուր քարտուղար Հասսան Ռըսթոմ եւ գործադիր մարմնի անդամ Վաչէ Ծատուրեան: Այս այցելութեան ընթացքին արծարծուեցան մարզական շարք մը հարցեր` ամրապնդելու համար երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան սերտ կապերը: Պատուիրակութեան անդամները...

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետը Ընդունեց Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնին Մէկ Պատուիրակութիւնը

Երէկ` երեքշաբթի, 24 մայիսին Պուրճ Համուտի նորընտիր քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան,  քաղաքապետութեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մէկ պատուիրակութիւնը: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ժիհատ Շեհաֆ, ինչպէս նաեւ անդամներ Մազեն Քպէյսի եւ Համբիկ Միսաքեան: Այցելուները նախ եւ առաջ շնորհաւորեցին նորընտիր քաղաքապետը` իր պաշտօնը ստանձնելուն առիթով: Ընդհանուր եւ ամփոփ գիծերու մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ լիբանանեան ֆութպոլին վերաբերող ընդհանուր հարցերու,...

«Էն. Պի. Էյ.». Ռեփթըրզ Հաւասարեցուց Արդիւնքը (2-2)` Քաւալիրզի Հետ

«Էն.Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ Արեւելեան շրջանի աւարտականի չորրորդ ճակատումը` Թորոնթօ Ռեփթըրզի եւ Քլիվլենտ Քաւալիրզի միջեւ: Ռեփթըրզ 105-99 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով հաւասարեցուց արդիւնքը` 2-2: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քայլ Լովրի նշանակեց 35 կէտ, մինչ Լեպրըն Ճէյմս` (Քաւալիրզ)` 29 կէտ: Ինչ կը վերաբերի Արեւմտեան շրջանի աւարտականին, Օքլահոմա Սիթի 133-105 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով, այժմ 2-1...

Կռփամարտ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Անուշ Գրիգորեան Պարտուեցաւ

Ասթանայի մէջ տեղի ունեցող կռփամարտի աղջկանց աշխարհի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Հայաստանը ներկայացնող եւ 51 քկ դասակարգի մրցումներուն մասնակցող Անուշ Գրիգորեան, 1-8-րդ հանգրուանին պարտութիւն կրելով Ֆրանսան ներկայացնող Սարա Ուրահմունիէն, դուրս մնաց հետագայ պայքարէն, յայտնեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Այսպիսով Անուշ Գրիգորեան չյաջողեցաւ ապահովել Ռիոյի ողիմպիականի խաղերուն համար տոմս մը, որ կրնար ձեռք ձգել կիսաւարտական հասնելու պարագային: Նշենք, որ Հայաստանի այլ...

Ճատրակ. Եւրոպայի Ախոյեանութեան Հայաստանի Ներկայացուցիչներուն Արդիւնքները

Քոսովոյի մէջ աւարտեցաւ Եւրոպայի ճատրակի 17-րդ անհատական ախոյեանութիւնը, որ ունէր 236 մասնակցող: 11-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի 8 ներկայացուցիչներէն յաղթանակ արձանագրեցին Հրանդ Մելքումեան եւ Յովհաննէս Գաբուզեան: Սամուէլ Տէր Սահակեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Մանուէլ Պետրոսեան եւ Զաւէն Անդրէասեան հաւասարութիւններ արձանագրեցին: Միակ պարտութիւնը կրեց Արման Փաշիկեան: 9 կէտ ապահովելով Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացաւ Էռնեսթօ Ինարքիեւ (Ռուսիա): Հայրենի կրանտմասթըրներուն մէջ լաւագոյն արդիւնքը...

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Աթլեթիզմի Ներկայացուցչական Խումբ. Լիբանանի Աթլեթիզմի Տարիքային Ախոյեանութիւն

Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին կազմակերպած տարիքային ախոյեանութեան երկրորդ հանգրուանի մրցումները տեղի ունեցան նախորդ շաբաթ` 19-21 մայիս 2016-ին, Պաապտայի Ժամհուր վարժարանի դաշտին վրայ: Այս մրցումներուն մասնակցեցաւ նաեւ  ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի աթլեթիզմի ներկայացուցչական խումբը` ներկայացնելով ՀՄԸՄ Պէյրութն ու Պուրճ Համուտը: Մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հետեւեալ քոյրերն ու եղբայրները.- Էթիեն Գազճեան, Կարէն Յովսէփեան, Կրեկ Ֆրընկիչեան, Սարհատ Հանտեան, Լուչիանա Գազճեան, Սարգիս Աբգար, Գօգօ Ահարոնեան, Փաթիլ Գազանճեան,...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` Ռիատի – ՀՄԸՄ Հինգերորդ Ճակատումը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Ռիատի Պէյրութ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս Աղջկանց Առաջին Մրցումը

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց աւարտական առաջին ճակատումը` Ռիատի Պէյրութի եւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի միջեւ, տեղի կ՛ունենայ այսօր` երեքշաբթի, 24 մայիսին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, Մանարայի դաշտին վրայ: Ինչպէս ծանօթ է, հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կը հանդիսանայ Լիբանանի ախոյեան: Թէեւ առաջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ Ռիատիի դաշտին վրայ (ըստ դասաւորման), սակայն ասիկա չի նշանակեր երբեք, որ դաշտին տէրը պիտի ըլլայ յաղթականը: Եթէ...

Թեքուանտօ. Արման Երեմեան` Եւրոպայի Փոխախոյեան

Զուիցերիական Մոնրոյ քաղաքին մէջ նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ Եւրոպայի թեքուանտոյի ախոյեանութիւնը: Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը երէկ հաղորդեց, որ Հայաստանի ներկայացուցիչ Արման Երեմեան (87 քկ), հասնելով աւարտական հանգրուան, միայն պարտուելով 1-0 արդիւնքով, հանդիսացաւ Եւրոպայի փոխախոյեան: Ախոյեան հանդիսացաւ ռուս Վլատիսլաւ Լարին, մինչ երրորդ դիրքը գրաւեցին Սերպիոյ եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչները: Նշենք, որ այս ախոյեանութեան Հայաստանը ներկայացուցին Վարագ Աղաջանեան (54 քկ),  Հայկազ Սամուէլեան...

Փինկ Փոնկ. Ա. Դասակարգի Խմբային Ախոյեանութիւն. Ժընուպ Թուլ Եւ Նատուա Քամաթիէ` Ախոյեան

Նախորդ շաբաթավերջին Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) աւարտեցան Լիբանանի փինկ փոնկի տղոց եւ աղջկանց Ա. դասակարգի խմբային ախոյեանութեան մրցումները, երբ տեղի ունեցան աւարտական ճակատումները: Աղջկանց տիտղոսին յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով տիրացաւ Նատուա Քամաթիէ, որ աւարտականին 3-0 արդիւնքով յաղթեց Անդրանիկ Պէյրութի: Իսկ տղոց տիտղոսին չորրորդ անգամն ըլլալով տիրացաւ Ժընուպ Թուլ, որ աւարտականին 3-2 արդիւնքով յաղթեց Ռիատի Պէյրութի:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սաժես Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը` Մրցելու Համար Ռիատիի Դէմ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումները աւարտեցան երէկ գիշեր, երբ Թրիփոլիի մէջ տեղի ունեցաւ Մութթահետ-Սաժես եօթներորդ եւ վերջին ճակատումը: Նշենք, որ Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով էր, որ տեղի կ՛ունենար եօթներորդ մրցումը` փլէյ-օֆի գծով: Բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումէ մը ետք, մրցումը աւարտեցաւ ի նպաստ Սաժեսի` 69-54 արդիւնքով (12-22, 27-37, 43-54 եւ 54-69): Սաժես այսպիսով ապահովեց...

Page 1101 of 1276 1 … 1,100 1,101 1,102 … 1,276

Արխիւներ