
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Արեւելեան շրջանի աւարտական երրորդ ճակատումին, Թորոնթօ Ռեփթըրզ իր դաշտին վրայ 99-84 արդիւնքով յաղթեց Քլիվլենտ Քաւալիրզին:
Նշենք, որ առաջին երկու մրցումներուն Քաւալիրզ ինքն էր, որ յաղթանակ արձանագրեց:
Ռեփթըրզի մարզիկներէն Տեմար Տէ Ռոզա նշանակեց 32 կէտ, մինչ Լեպրըն Ճէյմս (Քաւալիրզ)` 24 կէտ:
Ինչ կը վերաբերի Արեւմտեան շրջանի աւարտականին, Օքլահոմա Սիթի, որ 133-105 արդիւնքով յաղթեց Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզին, իր կարգին, կը յառաջանայ 2-1 արդիւնքով:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն Ռասըլ Ուեսթպրուք նշանակեց 30 կէտ:
 
			

