– Եուվենթուս, Պայէրն Միւնիխ,
Պարսելոնա Եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն
Տուպլէ Մը Իրագործեցին
– Մանչեսթըր Եունայթըտ` Բաժակակիր
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան եւրոպական ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքերուն աւարտական ճակատումները, որոնց ընթացքին իրենց երկիրներու ախոյեան հանդիսացողները` Եուվենթուս, Պայէրն Միւնիխ, Պարսելոնա եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն, տիտղոսին տիրանալով տուպլէներ իրագործեցին:

Եուվենթուս յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով տուպլէ մը իրագործեց, երբ երկարաձգման ընթացքին 1-0 արդիւնքով յաղթեց Ա. Սէ. Միլանի` 67 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Ալվարօ Մորաթա (110-րդ):
Այսպիսով, Ա. Սէ. Միլան յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով կը բացակայի եւրոպական մրցաշարքերէն:

Իր կարգին, տուպլէ մը իրագործեց Պայէրն Միւնիխ, որ փենալթիներով 4-3 արդիւնքով յաղթեց Պորուսիա Տորթմունտին` աւելի քան 74 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան:
Այս մրցումը հրաժեշտի մրցում մը եղաւ Պայէրն Միւնիխի մարզիչ Փեփ Կուարտիոլայի եւ Տորթմունտի խմբապետ Մաթց Հիւմելսի համար, որոնք իրենց վերջին մրցումը կատարեցին իրենց կազմերուն հետ:

Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականի ճակատումը, որ տեղի ունեցաւ երէկ` ուշ գիշերին, աւարտեցաւ Պարսելոնայի յաղթանակով, որ երկարաձգումէն ետք 2-0 արդիւնքով յաղթեց Սեւիլլային:
Եորտի Ալպա (97-րդ) եւ Նէյմար (120-րդ) նշանակեցին Պարսելոնայի կոլերը, վերջինս այսպիսով տարեշրջանը աւարտեց տուպլէ մը իրագործելով:

Ինչ կը վերաբերի Փարիզ Սեն Ժերմենին, իր կարգին տուպլէ մը իրագործեց` 4-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք Մարսէյի, 80 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան:
Մայրաքաղաքի կազմի շուէտացի մարզիկ Զլաթան Իպրահիմովիչ նշանակեց երկու կոլ (47-րդ` փենալթիով եւ 82-րդ), այսպիսով իր կարեւոր դերը ունենալով մայրաքաղաքի կազմին արձանագրած այս յաղթանակին մէջ:

Վերջապէս, Մանչեսթըր Եունայթըտ տարեշրջանը աւարտեց տիտղոսով մը, երբ Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին ընթացքին 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Քրիսթալ Փալասը` երկարաձգումէն ետք:
Ժոան Մաթթա (81-րդ) եւ Ճես Լինկարտ (110-րդ) նշանակեցին Մանչեսթըրի կոլերը, իսկ Ճէյսըն Փունշէոն (78-րդ)` Քրիսթալի կոլը: