
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «Ֆայնըլ ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Շապապ Արապի երրորդ մրցումը:
ՀՄԸՄ, որ առաջին երկու մրցումներուն յաղթանակ արձանագրած էր (53-29 եւ 65-43), երէկ իր երրորդ յաղթանակը արձանագրելով 57-35 արդիւնքով (16-10, 30-14, 43-20 եւ 57-35), 3-0 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցը եւ ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, ուր կը մրցի Ռիատի Պէյրութի դէմ:
Երէկուան այս մրցումին ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Նաթալի Սվաճեան, ապա յաջորդաբար Սանտրա Նաժըմ (14), Այտա Պախոս (9), Ֆէյ Փրենս (5), Քաթերին Հաժ (4), Մեղրի Թորոսեան, Լէյլա Ֆարես, Սարին Օհանեան (2-ական) եւ Տանիելա Օթվիչ (1):
Մրցումին տեւողութեան, առիթով մը ՀՄԸՄ 28 կէտի առաւելութիւն մը ունեցաւ իր մրցակիցին վրայ (57-29):
Պէտք է ըսել, որ ռիպաունտներուն, էսիսթներուն եւ սթիլներուն մէջ ՀՄԸՄ ինք եղաւ տիրապետողը:
Օրուան իրաւարարներն էին Ռաուատ Կապի, Մարուան Աքիքի եւ Ռոժէ Օպէյտ:


