
«Էն. Պի.Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Արեւելեան շրջանի երկրորդ ճակատումը` Քլիվլենտ Քաւալիրզի եւ Թորոնթօ Ռեփթըրզի միջեւ:
Առաջին մրցումին նման Քաւալիրզ դարձեալ յաղթական դուրս եկաւ այս ճակատումէն, այս անգամ` 108-89 արդիւնքով:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քերի Ըրվինկ նշանակեց 26 կէտ, մինչ Ռեփթըրզի մաս կազմող Տեմար Տերոզա` 22 կէտ:


