
Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին միջնապահ Տաւիտ Ժինոլա Նիսի մէջ (Ֆրանսա) տեղի ունեցող կոլֆի մրցաշարքի մը ընթացքին սրտի կաթուած ունեցած է, յայտնեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
49 տարեկան ֆրանսացին ուղղաթիռով անմիջապէս փոխադրուած է Մոնաքոյի հիւանդանոցներէն մէկը` յատուկ քննութիւններու ենթարկուելու համար:
Երէկուան լուրերուն համաձայն, թէեւ ան գիտակցութեան եկած չէ, բայց ունի կայուն վիճակ, յայտնեցին բժիշկները:
Ֆրանսացի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ 17 միջազգային մրցում կատարած Ժինոլա, որ իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտեց 2002-ին, նախապէս մաս կազմած է Փարիզ Սեն Ժերմենի, Նիւքասըլի, Թոթենհամի, Ասթոն Վիլայի եւ Էվըրթընի:


