Լիբանանի փինկ փոնկի աղջկանց Ա. դասակարգի խմբային ախոյեանութեան մրցումներուն, որոնք տեղի կ՛ունենան Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ), ՀՄԸՄ Պէյրութի աղջիկները 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմայի, ախոյեանութիւնը աւարտեցին երրորդ դիրքին վրայ:
Ինչ կը վերաբերի տղոց մրցումներուն, որոնք ցարդ չեն աւարտած, ՀՄԸՄ Պէյրութի տղաքը 3-2 արդիւնքով յաղթեցին Մոն Լա Սալին:
Այս մրցումին ՀՄԸՄ-ի երիտասարդ մարզիկ Արտակ Ասատուրեան, որ մասնակցեցաւ այս ճակատումին, յաջողեցաւ բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալ:


