«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած վեց մրցումներուն բոլորին ալ յաղթեցին հիւրընկալ կազմերը:
Օքլահոմա Սիթի արձանագրեց տարեշրջանի իր 24-րդ յաղթանակը, երբ 103-95 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մեմֆիս Կրիզլիզը:

Յաղթական կազմին մարզիկներէն Ռասըլ Ուեսթպրուք տարեշրջանի իր 18-րդ թրիփըլ-տապըլը իրագործեց` նշանակելով 24 կէտ, 13 ռիպաունտ եւ 12 էսիսթ:
Պոսթըն Սելթիքսի մաս կազմող Իսայահ Թոմսա նշանակեց 38 կէտ, երբ անոր կազմը 117-108 արդիւնքով յաղթեց Ուաշինկթըն Ուիզըրտծի:
Գործող ախոյեան Քլիվլենտ Քաւալիրզ Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզէն կրեց իր երկրորդ յաջորդական պարտութիւնը` 102-86 արդիւնքով: Պլէյզըրզէն Լեպրոն Ճէյմս բաւականացաւ միայն 20 կէտով:
Հիուսթըն Ռոքեթց 119-105 արդիւնքով պարտուած հեռացաւ Մինեսոթա Վուլվզի դաշտէն: Ճէյմս Հարտեն (Ռոքեթց) նշանակեց 33 կէտ:
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Նիւ Եորք Նիքս | 98- 97 |
Օքլահոմա Սիթի – Մեմֆիս Կրիզլիզ | 103-95 |
Մենեսոթա Վուլվզ – Հիուսթըն Ռոքեթց | 119-105 |
Պոսթըն Սելթիքս – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ | 117-108 |
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Օրլանտօ Մեճիք | 105-96 |
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Քլիվլենտ Քաւալիրզ | 102-86 |
Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Տենվըր Նակեթց – Ինտիանա Փէյսըրզ
Պրուքլին Նեթց- Նիւ Օրլինզ
Նիւ Եորք Նիքս – Շիքակօ Պուլզ
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ
Ֆէոնիքս Սանզ – Տալաս Մավըրիքս
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ