Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը, նոր նշանակուած մարզիչ` Ճօ Մուժահեսի գլխաւորութեամբ, իր փորձերուն պիտի սկսի 22 յունուարին` պատրաստուելու համար Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 28 յունուարէն 2 փետրուարին, Ամմանի (Յորդանան) մէջ:
Նշենք, որ այս մրցաշարքին տիտղոսակիրը կ՛ապահովէ Ասիա – 2017-ի բաժակի մրցաշարքի իր տոմսը, որուն հիւրընկալող երկիրը կը ձգտի ըլլալ Լիբանան:
Լիբանանի եւ ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբին մարզիչը իր կազմին մէջ առաւ հետեւեալ մարզիկները.
Ֆատի Խաթիպ, Էլի Ռըսթոմ, Ուաէլ Արաքժի, Ռոտրիկ Աքըլ, Նետիմ Սուէյտ, Ալի Քանաան, Ալի Հայտար, Շարլ Թապեթ, Ժատ Խալիլ, Էլի Սթեֆան, Ամիր Սէուտ եւ Աթեր Մաժոք (Լիբանանեան հպատակութիւն ստացած):
Աւելցնենք, որ Մուժահես, որ ցարդ Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբին ամէնէն երիտասարդ մարզիչն է, ունի ՖԻՊԱ-ի Եւրոպայի մարզիչի վկայագիր: