Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 13 յունուարին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կը մրցի իրաւաբաններու սենտիքային դէմ:
Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Ռաուտա, Մար Ռուքոզ), պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 21:00-ին: