Կազմակերպութեամբ «Սփոր Էվազիոն»-ի եւ «Պի Փրոտաքշըն»-ի, հսկողութեամբ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին եւ հովանաւորութեամբ Պէյրութի դրամատան 4 մարտին Լիբանան պիտի հիւրընկալէ իր տեսակին մէջ եզակի «Մեճիք ֆութսալ»-ի միջազգային մրցում մը` մասնակցութեամբ ֆութսալի միջազգային շարք մը աստղերու` Իտալիայէն, Կալեսէն, Հոլանտայէն եւ Փորթուգալէն, ինչպէս նաեւ Պէյրութի դրամատան խումբին:
Անոր պիտի մասնակցին ֆութսալի աստղեր, ինչպէս` պրազիլցի Ֆալքաօ, կալեսցի Ռայըն Կիկզ, իրանցի Վահիտ Շամսայէ, ինչպէս նաեւ` ուրիշներ, որոնց անունները պիտի յայտարարուին մօտիկ ապագային: